Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Այլեւս Չունինք Հայաստանի Օրակարգ եւ Սփիւռքի Օրակարգ, Մենք Ունինք Մէկ Համազգային Օրակարգ. Փաշինեան

Մենք Այլեւս Չունինք Հայաստանի Օրակարգ եւ Սփիւռքի Օրակարգ, Մենք Ունինք Մէկ Համազգային Օրակարգ. Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Իրան պաշտօնական այցի շրջանակէն ներս հիւրընկալուած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Սէյիտ Ալի Խամենէիին կողմէ:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար` ընդգծելով, որ Հայաստանը շահագրգիռ է բարեկամ Իրանի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացմամբ ու ընդլայնմամբ:

Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդը իր աջակցութիւնը յայտնած է հայ-իրանական բազմաոլորտ համագործակցութեան զարգացմանն ու այդ ուղղութեամբ նախատեսուող քայլերուն, առանձնակի կարեւորած է հայ-իրանական տնտեսական փոխգործակցութեան ընդլայնումն ու խթանումը:

Անդրադառնալով տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ անոնք համակարծիք եղած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով:

pashinyan-iran-armenians-3

Երեկոյեան Վարչապետը հանդիպած է նաեւ իրանահայ համայնքին հետ։ Կարեւորելով թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն իրանահայերու դերը, Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային միութենէն ներս հազարաւոր իրանահայերու առաջ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է՝ եկած է երազանքները կեանքի կոչելու ժամանակը։

«Մեր միասնական խնդիրը հետեւեալն է. մենք այլեւս չունենք Հայաստանի օրակարգ եւ Սփիւռքի օրակարգ, մենք ունենք մէկ համազգային օրակարգ, եւ էդ համազգային օրակարգի նպատակը մեր համազգային նպատակների եւ երազանքների իրագործումն է։ Պիտի բացառել այնպիսի գործողութիւնները, որոնք որեւէ կերպ կասկածի տակ կը դնեն այն բացառիկ ազգային միասնութիւնը, որ այսօր վայելում է հայ ժողովուրդը Հայաստանում, Իրանում եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Այդ միասնութիւնը ամենակարեւոր ձեռքբերումն է եւ յաղթանակը եւ այդպիսի միասնութիւնը դուրս է ցանկացած հարցից, ցանկացած քաղաքական շահից», – ընդգծած է Փաշինեանը։

pashinyan-iran-armenians-2

Վարչապետը կարեւորած է հայ ժողովրդի միասնականութիւնը թէ՛ Հայաստանը քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս հզօրացնելու, թէ՛ Արցախի ժողովուրդի արդար պահանջի իրացման եւ թէ՛ համազգային նպատակներու եւ երազանքներու իրականացման հարցերուն վերաբերեալ։ Եւ այդ ամէնուն իրականացումը առաջին հերթին պաշտօնեաներէն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրէն առանձնայատուկ ջանք կը պահանջէ։

«Մենք մեր ձեռքերով պիտի կերտենք մեր ապագան այնպէս, ինչպէս մենք մեր ձեռքերով կերտել ենք մեր ներկան։ Մեր բախտը, մեր ճակատագիրը այլեւս արեւելքներում, արեւմուտքներում, հիւսիսներում եւ հարաւներում չէ, մեր բախտը այլեւս մեր սեփական ձեռքերում է, եւ մենք որպէս արժանապատիւ պետութեան արժանապատիւ քաղաքացիներ մեր ձեռքը պիտի վերցնենք մեր ճակատագրի ղեկը», – յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment