Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սվիթալսքի. Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Գծով Այժմ Կայ Քաղաքական կամք

Սվիթալսքի. Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Գծով Այժմ Կայ Քաղաքական կամք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին մամուլի հետ հանդիպման ընթացքին նշած է թէ, արդէն իսկ լուրջ առաջընթաց կը տեսնեն կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ, բայց, աւելցուցած է, պայքարը դեռ երկարատեւ պիտի ըլլայ: Դեսպանը անդրադարձած է շարք մը ներքաղաքական խնդիրներու, խօսած է նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման մասին:

Կաշառակերութեան դէմ պայքարի մասով Սվիթալսքին իր խօսքին մէջ ընդգծած է՝ ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիները, այլ նաեւ Հայաստանի գործընկերները կը նկատենª կաշառակերութեան դէմ պայքարի համար հիմա կայ քաղաքական կամք:

«Բայց քաղաքական կամքը, ըլլալով պարտադիր, դեռ բաւարար չէ, անհրաժեշտ են այլ տարրեր, մասնաւորապէս՝ հաստատութիւններ, օրէնքներ եւ հանրային մշակոյթ կամ միջավայր: Հաստատութիւններու մասով, մենք կը տեսնենք, որ կառավարութիւնը կ’ուզէ ստեղծել նոր, անկախ հակակաշառակերային գերատեսչութիւն, կեդրոն, որ ունենայ ամբողջական լիազօրութիւններ: Երկրորդը՝ Հայաստանին անհրաժեշտ են նոր օրէնքներ, եւ եթէ դուք նայիք կառավարութեան ծրագիրը, արդէն որոշակի օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ այնտեղ ամրագրուած են, ինչը լաւ նշան է: Եւ, ի վերջոյ, Հայաստանին անհրաժեշտ է հանրային աջակցութիւն, այսինքն՝ հանրային անհանդուրժողականութիւն կաշառակերութեան նկատմամբ: Եւ դարձեալ, եթէ մեզի դիմեն օգնելու, մենք պատրաստ ենք, բայց նախաձեռնութիւնը պէտք է ըլլայ հայկական կողմինը», – ըսած է Սվիթալսքին՝ շարունակելով. – «Այդուհանդերձ, ես կը կարծեմ, որ մենք արդէն իսկ լուրջ առաջընթաց տեսած ենք կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ, բայց եկէք պատրանքներ չունենանք: Եթէ մենք մեր շուրջը նայինք, Եւրոմիութեան այլ երկրներու փորձը ուսումնասիրենք, կը տեսնենք, որ սա երկարաժամկէտ եւ չաւարտող պայքար է: Այսինքն, ձեր դափնիի տերեւներուն վրայ մի հանգստանաք, ճանապարհը շատ երկար է»:

Անդրադառնալով Եւրոմիութեան նիւթական աջակցութեան Հայաստանին՝ դեսպանը իր խօսքին մէջ ակնարկած է՝ յառաջիկային այն պիտի աւելնայ: Դեսպանի խօսքով՝ Եւրոմիութիւնը բարձր կը գնահատէ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ընթացքը, եւ այժմ հայաստանեան գործընկերներուն հետ կը քննարկեն յստակ գործողութիւններու ծրագիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment