Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարարը Յայտարարեց, Որ Հայաստան Սկսած է Ապահովել Յարձակողական Զէնքեր

Պաշտպանութեան Նախարարը Յայտարարեց, Որ Հայաստան Սկսած է Ապահովել Յարձակողական Զէնքեր

by MassisPost

«Հայաստանը չի գնալու Ատրպէյճանի հետ սպառազինութեան հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու ճանապարհով: Դա ոչ գործնական մօտեցում է: Մենք ո՛չ քանակական, ո՛չ ժողովրդագրական, ո՛չ տնտեսական առումով չենք կարող Ատրպէյճանի հետ հաւասար լինել: Մենք աւելի շատ ուշադրութիւն ենք դարձնելու որակական խնդիրներին», Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:

Ան ըսաւ, որ Ռուսաստանէն 100 միլիոն տոլարի վարկով այնպիսի սպառազինութիւն պիտի գնուի, որ թոյլ կու տայ ՀՀ զինուած ուժերուն յաջողութեամբ լուծել իր խնդիրները:

Անդրադառնալով «Սու 30» ինքնաթիռներու ձեռքբերման ուղղուած քննադատութիւններուն, թէ անոնք սուղ են, Դաւիթ Տօնոյեանը ըսաւ. «Ես չգիտեմ, թէ թանկարժէքութիւնը որն է: Ինձ համար թանկ է իւրաքանչիւր շարքայինի, զինուորականի կեանքը: Եթէ երկու օդաչու «Սու-30»-ով կարող են առաջնագծից հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռու կատարել խնդիր հազարաւոր զինծառայողների փոխարէն, ի՞նչ թանկարժէքութեան մասին է խօսքը: Մենք գտնելու ենք աւելի ազդեցիկ լուծումներ հակառակորդին զսպելու եւ յաղթելու համար»:

Դաւիթ Տօնոյեանը նշեց, որ Հայաստանը սկսած է յարձակողական զէնքեր գնել. «Պաշտպանուող բանակը միշտ պարտութիւն է կրում, մենք չենք պատրաստւում մնալ պաշտպանողական դիրքերում: Եթէ խնդիրը գնալու է ռազմական գործողութիւնների վերսկսմանը, մենք չենք յապաղելու»,- ըսաւ նախարարը: Ճշդող հարցին՝ պիտի յարձակի՞նք, ան պատասխանեց. «Ինչո՞ւ ոչ»:

Հարցազրոյցի ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ «Մարտի 1»-ի գործի մասին, Տօնոյեանը յայտնեց, որ «Մարտի 1»-ի քրէական գործը ե՛ւ աւագ կազմի, ե՛ւ բարձրագոյն սպայական կազմի տրամադրութիւններուն վրայ որոշակի ազդեցութիւն կ’ունենայ՝ հաշուի առնելով նախաքննութեան փուլը:

«Անընդհատ հրաւէրներ Յատուկ քննչական ծառայութիւն եւ այլ վայրեր: Դրա համար որոշակի ազդեցութիւն ունենում է, բայց միանշանակ է, որ զինուած ուժերը պէտք է ապաքաղաքական լինեն: Այլեւս այդպէս շարունակել չի կարելի»,-ըսաւ ան:

Հարցին, թէ Մարտի 1-ին բանակը մասնակցութիւն ունեցա՞ծ է, պաշտպանութեան նախարարը ըսաւ. «Զինուած ուժերն օգտագործուել են, այո: Մարտի 1-ի դէպքերին զինուած ուժերը ներկայ են եղել եւ կատարել են իրենց պարտականութիւնը: Քանի որ նախաքննութեան փուլն աւարտուել է, մտնում ենք դատաքննութեան փուլ, ես կը խուսափեմ որեւէ գնահատական տալուց: Բայց որ զինուած ուժերը ներկայ են եղել եւ օգտագործուել են, դա փաստ է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment