Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեան․ «Փոփոխութիւններէն Ետք Հայաստանը Դարձած է Աւելի Երիտասարդ Երկիր»

Արմէն Սարգսեան․ «Փոփոխութիւններէն Ետք Հայաստանը Դարձած է Աւելի Երիտասարդ Երկիր»

by MassisPost

«Հայաստանի առաւելութիւնն այն է, որ մենք հաւատացած ենք, որ նորարար ենք», – յայտարարած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը՝ հիւրընկալելով իր հրաւէրով Երեւան ժամանած աշխարհի առաջատար ընկերութիւններէն մէկուն՝ ֆրանսական THALES-ի փոխնախագահ, տարածաշրջանային տնօրէն Փոլ Ռեմին:

«Դրա ապացոյցն է, որ մեր երկրում կան մեծ թուով սթարթափեր, զարգանում է սթարթափերի մշակոյթը: Երկրորդ՝ այսօր՝ փոփոխութիւններից յետոյ, Հայաստանը դարձել է աւելի երիտասարդ երկիր: Մարդիկ ոգեւորուած են, փորձում են գտնել լուծումներ: Մենք ունենք կրթութեան շատ բարձր մակարդակ: Այստեղ գործում են Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը, Ռուս-հայկական համալսարանը, Ֆրանսական համալսարանը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական համալսարանը: Սա, անշուշտ, առաւելութիւն է: Երրորդ, մենք ներկայացնում ենք իւրայատուկ շուկայ, որը ներառում է այնպիսի երկրներ, ինչպիսիք են Ռուսաստանը, Ղազախստանը, որոնց հետ Հայաստանը սերտ յարաբերութիւններ ունի: Պէտք է հաշուի առնել նաեւ Ռուսաստանում հայկական մեծ համայնքի առկայութիւնը: Մենք նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ենք, որը բազմահազարանոց շուկայ է», – Հայաստանի նախագահի գրասենեակի փոխանցմամբ՝ ըսած է Արմէն Սարգսեանը:

Նախագահը նշած է, որ THALES-ի ղեկավարութեան հետ նախորդ հանդիպումներու ընթացքին քննարկած են համագործակցութեան հնարաւորութիւններն ու հաւանական ուղղութիւնները: «Մենք պէտք է բացայայտենք, թէ ինչ կարող ենք անել միասին: Եւ դա պէտք է արուի լայն սպեկտրով», – ըսած է Արմէն Սարգսեանը:

Փոլ Ռեմին մասնաւորապէս ըսած է. – «THALES-ը ֆրանսական եւ եւրոպական արհեստագիտական առաջատար ընկերութիւն է: Մենք չենք կրնար մոռնալ Կեդրոնական Ասիոյ շուկան: Կը տեսնենք, որ դուք Ասիոյ եւ Եւրոպայի խաչմերուկին վրայ էք: Հայաստանը ներգրաւուած է «Մէկ ճանապարհ, մէկ գօտի» նախագծին, որուն վրայ մենք շատ կեդրոնացած ենք: Առաջարկները, որոնք ըրիք, շատ լաւ են ու վստահութիւն ներշնչող, քանի որ, ինչպէս Դուք ըսիք, մեծ թիւով հայաստանցիներ կ’ապրին Ռուսաստանի մէջ, որոնք յաջողութեամբ ընդելուզուած են այդ երկրին մէջ: Ուրախ եմ, որ Հայաստանի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ կ’առաջարկէք: Մենք նախապէս չենք ուսումնասիրած այդ հնարաւորութիւնները»:

Սարգսեանը համոզմունք յայտնած է, որ Ռեմին Հայաստանի մէջ անցընելիք ժամանակը կ’օգտագործէ՝ բացայայտելու երկիրը, կ’այցելէ տարբեր ընկերութիւններ, կրթական հաստատութիւններ. – «Այս ամէնը Ձեզ կը տայ ընդհանուր պատկերացում եւ հնարաւորութիւն՝ ծրագրելու, թէ ինչ կարող ենք անել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment