Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լին Թրէյսին ժամանած է Հայաստան:
«Այսօր դեսպան Լին Թրէյսիի առաջին աշխատանքային օրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան ԱՄՆ դեսպանատան մէջ: Բարի՛ գալուստ, տիկին Դեսպան», – ըսուած է ամերիկեան դեսպանութեան ֆէյսպուքեան գրառման մէջ:
Լին Թրէյսին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին Միացեալ Նահանգներու Սենաթը հաստատած է այս տարուան սկիզբը:
Մինչ նոր նշանակումը Թրէյսին Պետական քարտուղարութեան՝ Ռուսաստանի հարցերով աւագ խորհրդականն էր, աւելի վաղ բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած է Ռուսաստանի, Թուրքմենիստանի եւ Ղազախստանի Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութիւններուն մէջ:
Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին Լին Թրէյսին փոխարինած է Ռիչարտ Միլսին, որ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւնը կը ղեկավարէր 2014-2018 թուականներուն: