Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Սուրբ Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ Պատին Յայտնուած են Ցեղապաշտական Բնոյթի Հերթական Գրառումներ

Պոլսոյ Սուրբ Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ Պատին Յայտնուած են Ցեղապաշտական Բնոյթի Հերթական Գրառումներ

by MassisPost

istanbul-church-1Պոլսոյ Պալաթ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ պատին ցեղապաշտական բնոյթի գրառումներ յայտնուած են:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը, կը տեղեկանանք Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Լոյս» ամսագրի պլոկէն:

Եկեղեցւոյ կառավարող խորհուրդը դէպքի առթիւ հաղորդագրութիւն ներկայացուցած է ոստիկանութեան:

Հայոց պատրիարքութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ յիշեալ գրութիւնները անգլերէն եւ արաբերէն են։

Գրառում կատարած անձերու ինքնութիւնը դեռ չէ պարզուած:

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» Տիարպէքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը  անդրադարձած է  Պալաթ թաղամասին մէջ հայկական եկեղեցւոյ վրայ եղած գրառումներուն:

Ան Twitter-ի իր էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է.

«Պալաթի Սուրբ Հրեշտակապետ հայկական եկեղեցին յայտնուած է ատելութեան թիրախ: Ամէն տարի բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ  սինակոկներ ատելութեան թիրախ կը դառնան: Ոչ միայն պէտք է պարզել, թէ ովքեր են այդ թշնամական պահուածքի հեղինակները, այլեւ պարզել, թէ ինչ ուժեր կանգնած են անոնց  ետին»:

Պատգամաւորը ամփոփելով խօսքը նշած է. «Ամենակարեւորը այն է, որ պէտք է վերջ տալ ատելութիւն ծնող քաղաքականութեան»

Նշենք, որ քրիստոնէական շինութիւններու եւ եկեղեցիներու պատերուն ատելութիւն պարունակող եւ ցեղապաշտական բնոյթի գրառումներ Թուրքիոյ մէջ յաճախ կը կտարուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment