Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՀ-ն Պատրաստակամ է Օժանդակութիւն Տրամադրելու ՀՀ Կառավարութեան. ԱՄՀ Գործադիր Խորհուրդի Տնօրէն

ԱՄՀ-ն Պատրաստակամ է Օժանդակութիւն Տրամադրելու ՀՀ Կառավարութեան. ԱՄՀ Գործադիր Խորհուրդի Տնօրէն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) գործադիր խորհուրդի տնօրէն Ռիչարտ Տորնպոշը, որ  Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի  մէջ Հայաստանը կը ներկայացնէ:

Վարչապետը նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը կը կարեւորէ ԱՄՀ-ի հետ շարունակական համագործակցութիւնը եւ շահագրգռուած է կառուցողական գործընկերութեան յետագայ խորացմամբ:

ԱՄՀ գործադիր խորհուրդի տնօրէնի խօսքով՝ Հայաստանը յուսալի գործընկեր է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի համար, եւ ԱՄՀ-ն պատրաստակամ է օժանդակութիւն տրամադրելու ՀՀ կառավարութեան՝ տարբեր ուղղութիւններով նախաձեռնած բարեփոխումները յաջողցնելու համար:

Վարչապետի պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ զրուցակիցները քննարկած են համագործակցութեան ընդլայնման եւ զարգացման հեռանկարները:

Վարչապետը անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգին՝ խօսելով տնտեսութեան կառուցուածքին մէջ բարձր արհեստագիտութեան խթանման, Հարկային օրէնսգիրքի բարեփոխման, միքրօպիզնեսի ստեղծման, պիզնես միջավայրի համար կարգաւորումներու դիւրացման, պետական կառավարման եւ կրթութեան համակարգերու բարեփոխման, հակակաշառակերային քաղաքականութեան շրջանակէն ներս տարուող աշխատանքներուն մասին: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ տնտեսութեան կառուցուածքի փոփոխութեամբ եւ տարբեր ճիւղերու մէջ բարձր արհեստագիտութիւններու կիրառման խթանմամբ կառավարութիւնը նպատակ ունի Հայաստանը դիրքաւորել որպէս արհեստագիտական երկիր եւ, հաշուի առնելով ՏՏ «Տեղեկատուական  թեխնոլոկիաներու) ոլորտի մէջ առկայ մեծ ներուժը, արտահանման միտուած տնտեսութիւն ձեւաւորել:

Վարչապետի խօսքով՝ կառավարութեան խնդիրը Հայաստանի մէջ հնարաւորութիւններու ստեղծումն է եւ նախաձեռնողականութեան խթանումը, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ կարենայ իրացնել իր ներուժը եւ նպաստել երկրի զարգացման:

Ընդգծելով բարեփոխումներու յաջողման գործին մէջ  փորձագիտական կարողութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը՝ կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է այդ ծիրէն ներս միջազգային գործընկեր կառոյցներու, այդ շարքին՝ ԱՄՀ-ի համապատասխան օժանդակութիւնը:

Ռիչարտ Տորնպոշը նշած է, որ ԱՄՀ-ն պատրաստ է քննարկելու ՀՀ վարչապետի նշած ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներու իրականացման աջակցութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment