Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Ազգայնական Պատգամաւորները Ընդհատած են Հայ եւ Լազ Պատգամաւորներու Ելոյթները

Թուրք Ազգայնական Պատգամաւորները Ընդհատած են Հայ եւ Լազ Պատգամաւորներու Ելոյթները

by MassisPost

21 Փետրուարին «Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան» կապակցութեամբ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ եւ լազ պատգամաւորները ելոյթ ունեցած են իրենց մայրենի լեզուով:

Պոլսոյ մէջ ընտրուած ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP) ծագումով լազ պատգամաւոր Մեհմէտ Պէքարօղլուի եւ Տիարպէքիրէն ընտրուած քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի ելոյթները քանի որ թրքերէն չեն եղած, արձանագրութիւններուն մէջ պայմանականօրէն նշուած են «X» տառով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմէնիհապերը»։

Լազ պատգամաւորը ազգայնականներու առարկութիւններուն պատասխանած է. «Յարգելի պատգամաւորներ, լազերէն  խօսեցայ: Անհետանալու եզրին գտնուող որոշ  լեզուներով Ձեզի բարեւեցի: Այսօր աշխարհի մէջ խօսուող 7000 լեզուներու մեծ մասը կամաց-կամաց կ’անհետանայ: Թուրքիոյ մէջ ալ այդպէս է: Ներկայիս այստեղ 36 լեզուով կը խօսին, սակայն 20-ը աստիճանաբար կը վերանայ»:

Շարունակելով ելոյթը լազ պատգամաւորը յայտնած է, որ պետութիւնը պիտի աջակցի մայրենի լեզուներուն:

«Առանց հեռուստատեսութեան, առանց   շարժապատկերներու  ցուցադրութեան հնարաւոր չէ երեխաներուն մայրենին սորվեցնել: Հիմա ցանկութիւն կայ լազերէն եթերներ ապահովող հեռուստատեսութիւն հիմնել: Թուրքիոյ մէջ  300.000-500.000 լազ  կ’ապրի»,- նկատել տուած է Պէքարօղլուն:

Հայ պատգամաւորի ելոյթի ժամանակ MHP-ի Մէրսինէն ընտրուած պատգամաւոր Պաքի Շիմշէքը ընդհատելով ըսած է. «Սա ՄԱ՞Կ-ն է», իսկ MHP-ական Ումիթ Եըլմազը, դիմելով մէճլիսի նախագահին, պահանջած է թարգմանութիւն՝ աւելցնելով, որ թերեւս Փայլանը վիրաւորական բաներ կ’ըսէ իրենց:

«Կ’երազենք այնպիսի Թուրքիա, ուր բոլոր մայրենի լեզուները կ’ապրին համերաշխութեան եւ խաղաղութեան մէջ: Այս հարցին վերաբերեալ անհրաժեշտ օրէնքի նախագիծերը ունինք: Կը ցանկամ հաւատալ, որ բոլոր պատգամաւորները կը յարգեն բոլոր մայրենի լեզուները եւ մեր այս խորհրդարանը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցներ»,-ըսած է Փայլան:

HDP-ական պատգամաւոր Կիւլիստան Քըլըչն ալ խորհրդարանական հետազօտութիւն պահանջած է «Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան» առթիւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment