Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է կառավարութիւն, որ մարդու իրաւունքներու խախտման դէմ պայքարող մարդոց եւ կառոյցներու դաշնակիցն ու հովանաւորն է, այս մասին Մատենադարանէն ներս՝ Համընդհանուր իրաւունքներու մրցանակաբաշխութեան ժամանակ իր ելոյթին մէջ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Վարչապետը նշած է՝ իրաւունքներու պաշտպանութեան իրենց բանաձեւը բոլոր քաղաքացիներուն համար հաւասար հնարաւորութիւններ եւ այդ հաւասար հնարաւորութիւններու նկատմամբ հաւասար հասանելիութիւն ստեղծելն է։
Փաշինեանը նշած է, որ իրենց համար կարեւոր է արձանագրել, որ մարդը իսկապէս բարձրագոյն արժէք է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
«Մարդը բարձրագոյն արժէք է Հայաստանի կառավարութեան համար, Հայաստանում հաստատուած իշխանութեան համար եւ մեր ամենակարեւոր անելիքը նաեւ համարում ենք այն, որ մարդը լինի բարձրագոյն արժէք նաեւ ուրիշ մարդու համար», – ըսած է Փաշինեանը։