Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խարդախութեան Մեղադրանք Սերժ Սարգսեանի Եղբօր Դէմ

Խարդախութեան Մեղադրանք Սերժ Սարգսեանի Եղբօր Դէմ

by MassisPost

Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրը՝ Ալեքսանտր Սարգսեանը Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ յարուցուած քրէական գործով որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է, այս մասին «Ազատութեան» փոխանցած է անոր պաշտպան Միհրան Պօղոսեանը:

Ըստ պաշտպանի, Սարգսեանը տակաւին անցած ամրան կը մեղադրուէր Քրէական օրէնսգիրքի 178-րդ յօդուածի յատկանիշներով՝ խարդախութեան համար: Պօղոսեանը ըսած է, որ խօսքը կը վերաբերի Մարտիրոս Սարեանի գծանկարներուն:

Ալեքսանտր Սարգսեանի խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին: Փաստաբանը առաջադրուած մեղադրանքը անհիմն որակած է:

Յուլիս 4, 2018-ին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը շուրջ 9 ժամ խուզարկած էր Երեւանի Թումանեան 11 հասցէի վրայ գտնուող Սարգսեաններու բնակարանը, որմէ ետք Ալեքսանտր Սարգսեանը բերման ենթարկուած էր: Աւելի ուշ ԱԱԾ-ը հաղորդագրութիւն տարածած էր՝ նշելով, որ Ալեքսանտր Սարգսեանը հարցաքննուած է որդիին՝ Նարեկ Սարգսեանի կողմէ Մարտիրոս Սարեանի 14 գծանկարներու յափշտակութեան մասին մեղադրանքներու առնչութեամբ:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Նարեկ Սարգսեանին պատկանող տարածքներուն եւ անոր հօր բնակարանին մէջ խուզարկութեամբ յայտնաբերած էր գումար, թմրանիւթ եւ Մարտիրոս Սարեանի նկարներ, որոնք, ըստ ԱԱԾ հաղորդագրութեան, Նարեկ Սարգսեանը ստացած է Մարտիրոս Սարեանի ժառանգներէն մէկուն վստահութիւնը չարաշահելով:

Նշենք, որ 62-ամեայ Ալեքսանտր Սարգսեանը, որ աւելի յայտնի է Սաշիկ անունով, 2003-2011 թուականներուն եղած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր, մամուլը անոր անունը կը կապէ բազմաթիւ պիզնեսներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment