Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին Նուիրուած Գեղաթերթիկը

Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին Նուիրուած Գեղաթերթիկը

by MassisPost

Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ «Հայփոստ»-ի կողմէ թողարկուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ` նուիրուած «Մեծանուն հայեր.Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակը» թեմային:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` 1100 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով գեղաթերթիկը տպագրուած է Գանատայի «Lowe Martin Group» տպագրատան մէջ` 20 հազար տպաքանակով:

Նամականիշի գծագրութեան հեղինակն է «Հայփոստ» ընկերութեան գլխաւոր ձեւաւորող Վահագն Մկրտչեանը:

toumanyan-stamp-1

Գեղաթերթիկի նամականիշի վրայ պատկերուած է հայ մեծանուն գրող, բանաստեղծ, ազգային եւ հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեան` իր ստեղծագործութիւններու եւ ձեռագիրներու խորապատկերին:

Նամականիշին վրայ տեղադրուած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատկերանշանը, քանի որ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ` հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու օրացոյցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment