Home ՍՓԻՒՌՔ Հ.Բ.Ը.Մ.ի 90-րդ Ընդհանուր Ժողովը Կայացաւ Փարիզի մէջ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի 90-րդ Ընդհանուր Ժողովը Կայացաւ Փարիզի մէջ

by MassisPost

9 Փետրուար 2019-ին, Աշխարհի տարբեր կողմերէն Փարիզի Լէ Ժարտէն տը Սէն Տօմինիք սրահին մէջ հաւաքուած Միութեան բազմահարիւր պատգամաւորներ, մասնակցեցան երկամեայ Ընդհանուր Ժողովին, որ համախմբած էր միութեան անդամները, քննարկելու համար հայաշխարհը հետաքրքրող ժամանակակից խնդիրները եւ գնահատելու համար Միութեան երկամեայ գործունէութեան արդիւնաւորութիւնը: Նկատի ունենալով հայ իրականութեան մէջ վերջին ժամանակաշրջանին պատահած կարեւոր իրադարձութիւնները, Ժողովը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Միութեան շրջանակներու կարողականութիւնը աշխարհի տարածքին խթանելու եւ զայն Հայաստանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մնայուն զագացման ի նպաստ ի գործ դնելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց՝ թէ «Անհրաժեշտ է որ մենք հաղորդ ըլլանք ժամանակի հոլովոյթին եւ յառաջապահները՝ հայութեան շահերու հետապնդումին, շարունակաբար  մենք զմեզ նորոգելով, քայլ պահելու համար նոր զարգացումներու հետ: Շարունակ պէտք է հարց տանք մենք մեզի, թէ մեր գործունէութիւնը որքանով քայլ կը պահէ յաջորդական սերունդներու ակնկալութիւններուն հետ: Որքանով այդ գործընթացը ուղղուած է համաշխարհային խնդիրներու: Մանաւանդ որքանով միասնականութեամբ հնչեղութիւն ստացած մեր ձայնը կ’արդարացնէ «փոքր հանրապետութիւն բայց աշխարհածաւալ ազգ» հասկացողութիւնը:»

Որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ աշխարհատարած հայութեան եւ զիրենք մասնակից դարձնել Հ.Բ.Ը.Մ.ի գործունէութեան, անհարժեշտ է հասկնալ հայութիւնը իր բազմաբնոյթ եւ զարգացող ինքնութիւններով եւ դիմագիծերով: Այդ զարգացող ինքնութիւններու հասկացողութիւնը  իր դրսեւորումը ունեցաւ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին կայացած երկօրեայ աշխատանքային շահեկան քննարկումերուն եւ համագումարին ընթացքին: Այդ իրողութեան անդրադառնալով  Նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր խօսքին մէջ նշեց թէ «Հ.Բ.Ը.Մ.ին համար, Հայեր են բոլոր անոնք, անհատ կամ հաւաքականութիւն, որոնք կը բաժնեն հայ ժողովուրդի արժէքները, հիմնուած մեր պատմական ժառանգութեան վրայ… Այս իսկ պատճառաբանութեամբ, Մեր Ընդհանուր Ժողովը որդեգրած է Ծրագիր Կանոնագրի բարեփոխում մը, ներառելով ոեւէ անձ, որ կը հաւատայ կազմակերպութեան արժէքներուն, որպէս անդամ ընդունելով զայն միութենէն ներս: Այժմ կարեւոր է որ միջոցներ ձեռք առնենք, հասնելու բոլոր այդ հայերուն:» Բազմազանութեան մէջ միասնականութիւն ստեղծելու ոգիով աշխարհի տարածքին համայնքներ կազմակերպելու Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութիւնները, շաբաթավերջի հանդիպումներուն եւ խօսակցութիւններուն գլխաւոր նիւթը կազմեցին:

Ընդհանուր ժողովի նիստի ընթացքին, չորս նոր անդամներ միացան միութեան կեդրոնական վարչական ժողովին: Հայկ Արիյեան Նիւ Եորքէն, Նատիա Գործունեան Ֆրանսայէն, Վարդգէս Գնաճեան Պէլճիքայէն եւ Արի Լիպարիտեան նոյնպէս Նիւ Եորքէն:

Հայկ Արիյեան նախագահը եւ Գլխաւոր Գործադիր Տնօրէնն է Ալէքս Պրաուն ընկերութեան եւ ղեկավարը Րէյմօնտ Ճէյմս Կլոպըլ Ուէլդհ Մէնէյճմընդ ընկերութեան: Նախապէս աշխատած է Տին Ուիթըր Րէյնօլտզ ընկերութեան մէջ ուր եւ իր գործունէութիւնը սկսած է ֆինանսական ծառայութիւններու ասպարէզէն ներս: Արիյեան մաս կը կազմէ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Թեմական Խորհուրդին եւ ծառայած է որպէս ատենապետ թեմի Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի ներդրումներու վարչութեան: Ան անդամ է նաեւ Ս. Ներսէս Ընծայարանի եւ Տատուրեան Հիմնադրամի Հոգաբարձութիւններուն:

Նատիա Գործունեան Մէրք եւ Ընկ. ընկերութեան որպէս պաշտօնեայ, Ֆրանսայի մէջ 28 տարուան փորձառութիւն ունի դեղագործական ճարտարարուեստի ասպարէզէն ներս, վերջին 15 տարիներուն ծառայելով որպէս բժշկական առաջնային խնամքի ծառայութիւններու տնօրէն: Ան 2015-ին նշանակուած էր Ֆրանսայի Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ, իսկ 2016-էն սկսեալ նախագահն է Եւրոպայի Հ.Բ.Ը.Մ.ին: Նատիա Գործունեան կը գլխաւորէ շրջանին մէջ Միութեան  ռազմավարական նպատակներու եւ համապատասխան ծրագրիրներու  մշակման աշխատանքները: Ֆրանսայի շրջանակներէն ներս իր երկար տարիներու գործունէութեան ծիրէն ներս, ան նաեւ ՍԷՍԷԱԷՖ-ի (Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Մարմին) գանձապահն է, նաեւ Պուլլուքեան Հիմնադրամի հոգաբարձական կազմի անդամ:

agbu-90-ga02

Վարդգէս Գնաճեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնն է Պէքըս եւ Շթրաուս ընկերութեան: 1992-2005, ծառայած է որպէս Պէլճիքայի Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ, ան նաեւ սերտօրէն առնչուած է Հայաստանին, երբ 1993-էն սկսեալ աշխատած է Շողական Ադամանդի Գործարանին հետ: Գնաճեան համահիմնադիրն է Հայ Գոհարագործներու Ընկերակցութեան եւ հաստատած է Հայ Գոհարագործներու Հիմնադրամը, որուն նպատակն է օժանդակել Հայ Գոհարագործներու եւ Առեւտրականներու եւ թանկագին քարերու վաճառականութեան պատմութեան մասին ուսումնասիրութիւններու: Ան բաժնետէր է Նոր Գեղի Լոռի Ադամանդի Գործարանին:

Արի Լիպարիտեան երէց գործընկեր է ՄքԳէնզի եւ Գամբընի ընկերութեան Նիւ Եորքի մէջ եւ կը ղեկավարէ ընկերութեան Հիւսիս Արեւելեան շրջանի թուայնական աշխատանքները, օգնելով տարբեր մարզերու յաճախորդներու լայն հատուածի մը, մշակելու եւ ի գործ դնելու թուայնական միջոցներ, այդ ճարտարագիտութեան օգտագործումով առեւտրական գործունութիւն ծաւալելու եւ արժէք ստեղծելու ուղղութեամբ: Նախ քան ՄքԳէնզի-ի մէջ իր պաշտօնավարութիւնը, Լիպարիտեան տարբեր պաշտօններ վարած է Նորթէլ Նէթուըրքս եւ Պէլ Լէպզ ընկերութիւններուն մէջ, աշխատելով գլխաւորաբար թէլէհաղորդակցական նոր ճարտարագիտութիւններու մշակումի ու փորձարկումի մարզերուն մէջ: Ան ներկայիս մաս կը կազմէ Մանուկներու Օգնութեան Համայնքին, Նիւ Եորքի մէջ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձուներու Յանձնաժողովը նոյնպէս համալրուեցաւ նոր անդամներով,  յայտարարուեցաւ նաեւ անոր ատենապետի պաշտօնին ստանձնումը յայտնի բարերար Տիար Վաչէ Մանուկեանին կողմէ: Ան իրեն գործակից պիտի ունենայ Հ.Հ. Նախագահ Արմէն Սարգիսեանը, Էրիք Իսրայէլեանը, Սէմ Սիմոնեանը, Սինան Սինանեանը եւ ի պաշտօնէ՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը: Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախկին անդամներ Սարգիս Տեմիրճեան, Լուիզ Մանուկեան Սիմոն, Րիչըրտ Մանուկեան, Նազար Նազարեան եւ Գառնիկ Եագուպեան, դարձան Պատուոյ Հոգաբարձուներ:

Ընդհանուր Ժողովին, Ֆրանսացի քաղաքագէտ Փաթրիք Տէվէճեան, գնահատուեցաւ Պօղոս Նուպար պատուաքանադակով, որ միութեան բարձրագոյն պատուանշանն է որուն կ’արժանանան այն անհատները, որոնք անխոնջ կերպով ծառայած են համայնքին եւ օգնած, որ ուրիշներ եւս բարձրանան իրենց հետ: Տէվէճեանի բարձրացումը քաղաքական ասպարէզէն ներս, ընթացած է փաստաբանութենէ նախարարի եւ Խորհրդարանականէ Քաղաքապետի պաշտօններով, հասնելով աժմու Հօ տը Ժէնէրալ Գաունսըլ-ի պաշտօնին:  Տէվէճեանի փալուն գործընթացը յատկանշուած է որպէս յայտնի փաստաբան, իր հանրային ծառայութեան 35 տարիներու ընթացքին մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան աննկուն ախոյանի դերով:  Իր դրուատանքի խօսքին մէջ, Նախագահ Պերճ Սեդրակեան նշեց, թէ «Հայու զաւակ, որ ինք եւս Ցեղասպանութենէն վերապրած է, Փաթրիք Տէվէճեան իր հանրային ծառայութեան մէջ ստեղծած փայլուն ասպարէզի ընթացքին, բնաւ չէ թերացած ձայն չունեցողներու պաշտպանը ըլլալու իր կոչումին մէջ: Իր գործը յարգանքի գերագոյն տուրքը կը հանդիսանայ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու, ինչպէս նաեւ հակական դատի ազատամարտիկներու աւանդին:» Արդարութեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումին ի խնդիր Տէվէճեանի հետեւողական եւ յամառ աշխատանքին իբր արդիւնք, իրականացաւ ֆրանսական Հոլոքոսթի օրէնքին 2016-ի յաւելուածը, որ մարդկութեան դէմ ոճիրներու, ցեղասպանութեան եւ պատերազմական ոճիռներու նկատմամբ ուրացման կամ արհամարհական որեւէ կեցուածք, կը նկատէ պատժելի ոճրային արարք: Որպէս հայ աշխարհաքաղաքացի իր օրինակելի գործունէութեամբ, Փաթրիք Տէվէճեան ճամբայ կը հարթէ ղեկավարներու երիտասարդ սերունդին համար:

agbu-90-ga03

Միութեան մասնաճիւղերուն եւ ծրագիրներուն մատուած իրենց երկարամեայ եւ նուիրեալ ծառայութեան եւ ցուցաբերած միութենական բարձր ոգիին համար գնահատանքի արժանացան նաեւ շարք մը պատասխանատու անդամներ եւ պաշտօնեաներ: Թամար Խապայեան Սուրիայէն, Մոնիքա Նալպանտեան Պրազիլէն, Մարալ Չօրպաճեան Աւստրալիայէն, Հերմինէ Տիւզեան Ֆրանսայէն եւ Ռուբէն Կէտիքեան Արժանթինէն: Թամար Խապայեան, որպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի Շրջանակային Յանձնաժողովի Հալէպի կեդրոնի գլխաւոր քարտուղարուհի, միշտ պատնէշի վրայ գտնուած էր, Սուրիոյ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, մասնակցելով Հ.Բ.Ը.Մ.ի կեդրոնէն ներս առաջ տարուած սննդաբաշխումի, բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններու եւ մշակութային գործունէութիւններու աշխատանքներուն, նաեւ որպէս Շրջանակային Յանձնաժողովի «Հայեացք» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ, ապահովելով թերթի կանոնաւոր հրատարակումը, Միութեան Սուրիոյ բոլոր մասնաճիւղերու գործունէութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններով: Պրազիլի Սան Փաօլոյի վարչութեան անդամ եւ երկար տարիներու անխոնջ ծառայող Մոնիքա Նալպանտեան, ճանչցուած է եւ գնահատուած՝ որպէս տեղական բոլոր յանձնախումբերու եւ ծրագիրներու համադրող, երկար տարիներ նաեւ ղեկավարած ըլլալով  տեղական համայնքին ծանօթ «Հայկական Խոհանոց»ի աշխատանքները, որուն հասոյթը կը տրամադրուի բարեսիրական նպատակներու: Մարալ Չօրպաճեան 2003-էն ի վեր նախաձեռնող եւ խանդավառող միութենական առաջնորդ մը եղած է Մելպուրնի մէջ, ուր ի ճիգերով իրականացած է արդիական կեդրոնի մը կառուցումը:  Հերմինէ Տիւզեան, աւելի քան 30 տարիներու իր ծառայութեան ընթացքին, ճիգ չէ խնայեած պատանիներու մօտ ազգային ինքնագիտակցութիւն մշակելու ուղղութեամբ, մասնաւորաբար Ֆրանսայի մէջ ամառնային ճամբարներ եւ Հայաստանի մէջ ընկերային ծառայութեան եւ հայրենի բնաշխարհի ծանօթանացման պատանեկան արշաւներ կազմակերպելով: Ռուբէն Կէտիքեան, որպէս Արժանթինի մասնաճիւղի Ատենապետ, կը ղեկավարէ Պուէնոս Այրէսի կեդրոնին միջոցաւ իրականցուող կրթական, մշակութային, ընկերային, մարզական, սկաուտական եւ համայնքային աշխոյժ գործունէութիւնները, որոնց շարքին անոնք կը սատարեն նաեւ Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ պետական մակարդակով յարաբերութիւններու եւ փորձագիտական փոխանակումներու նախաձեռնութիւններուն: Յատկանշական է մասնաւորաբար Կեդրոնէն ներս կազմակերպուած հայկական ճաշատեսակներու իր որակով ճանաչում ստացած Ուրբաթ եւ Շաբաթ երեկոներու ճաշարանը, որու հասոյթով Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մարի Մանուկեան Երկրորդական Վարժարնի շուրջ 900 շրջանաւարտներ մասնակցած են Հայաստան կատարուած տարեկան այցելութիւններուն:

Ընդհանուր ժողովի ընթացքին գնահատուեցան նաեւ տարբեր շրջանակներու եւ յանձնախումբերու նշանակելի նախաձեռնութիւնները, որոնց շարքին Նիւ Եորք եւ Շրջակայքի  եւ Հիսիսային Քալիֆորնիոյ Երիտասարդ Արհեստավարժներու ընկերակցութիւնները:  Անոնց աւելի քան երկու տասնամեակներու աշխոյժ գործունէութիւնը, իրենց ընկերային ձեռնարկներու յատուկ պերճութեամբ եւ այժմէական նիւթերու վերաբերեալ կազմակերպուած շահեկան քննարկումներով, երիտասարդական լայն շրջանակներուն մօտ մեծ ժողովրդականութիւն շահած են, ըլլալով նաեւ դրամահաւաքի կարեւոր միջոցառումներ, որոնք կը սատարեն բարեսիրական թէ կրթական տարբեր ծրագիրներու, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: Նկատի ունենալով այն արդիւնաւոր գործունէութիւնները որոնք կարելի եղած են իրականացնել Երիտասարդ Արհեստավարժներու նախաձեռնութեամբ, շարժումը գնահատուեցաւ որպէս երիտասարդ սերունդի յանձնառութեան եւ աշխարհատարած կշիռի արդիւնաւոր դրսեւորում, զայն պաշտօնապէս ճանչնալով որպէս Հ.Բ.Ը.Միութեան մնայուն մարմին, Ծրագիր Կանոնագրին մէջ համապատասխան յաւելումով:

Նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերոնշեալ գործունէութիւններու գնահատումին առընթեր, կոչ ուղղեց ներկաներուն, իրենց հայեացքը ուղղել ապագային. «Մենք կոչուած ենք գործելու նոր եւ ցարդ չքարտէսագրուած ուղղութիւններով, ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ ճկունութիւն, ուշիմութիւն, տեսիլք եւ ամենակարեւորը՝ միասնականութիւն…Այստեղ, մենք կարող ենք լաւագոյնը մատակարարելու: Անհրաժեշտ է որ մենք կարենանք առիթներ ընձեռել, աճման նպաստող մթնոլորտ ստեղծել, նաեւ միջոցներ ապահովել, ներգրաւելու եւ գործի մղելու համայն հայութիւնը աշխարհի տարածքին, հասնելով նոր սերունդին եւ գոհացնելով անոր հետաքրքրութիւնները:»

90-րդ Ընդհանուր Ժողովի աւարտին, պատգամաւորները մեկնեցան Լէ Ժարտէն տը Սէն Տօմինիք սրահէն համոզուած, որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր համայնքերուն հետ զարգացման հոլովոյթ կ’ապրի, ընդգրկելով նոր յառաջընթաց եւ ինքնութեան լայն սահմանում, միշտ հաւատարիմ դարաւոր աւանդութեամբ իմաստաւորուած Միութեան առաքելութեան, որուն նպատակն է աշխարհատարած հայութեան հզօրացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment