Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Թեղուտի Հարցով Եւրոդատարանը Հայաստանի Դէմ Եւս 6 Վճիռ Հրապարակած է

Թեղուտի Հարցով Եւրոդատարանը Հայաստանի Դէմ Եւս 6 Վճիռ Հրապարակած է

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ հրապարակած է 6 վճիռ, ըստ որոնց՝ Թեղուտի մէջ մօտ 10 տարի առաջ հանքարդիւնաբերութեան նպատակով գիւղացիներուն ապօրինի սեփականազրկած են: 6 ընտանիք ընդհանուր առմամբ պետութենէն սեփականութեան իրաւունքի խախտման համար որպէս փոխհատուցում պիտի ստանայ 70 հազար եւրօ:

Յիշեցնենք, նմանատիպ գործով Եւրոպական դատարանը առաջին վճիռը կայացուցած էր անցած տարուան նոյեմբերին: Թեղուտ գիւղի բնակիչ Սերոբ Օսմանեանը եւս Սթրասպուրկի դատարանի վճիռով պետական պիւտճէէն պիտի ստանայ 10 հազար եւրօ:

Թեղուտցիներու փաստաբան Կարէն Թումանեանը «Ազատութեան» ըսած է, որ Եւրոպական դատարանի վճիռներէն ետք Հայաստանի մէջ դեռ 10 տարի առաջ քննուած գործերը պիտի վերաբացուին եւ կրկին անգամ քննութեան առարկայ պիտի դառնան: Անոնց միջոցով գիւղացիները հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց կորսնցուցած հողատարածքներուն դիմաց խելամիտ փոխհատուցումներ ստանալու:

Թեղուտի մէջ հանքարդիւնաբերութիւն իրականացուցած «Թեղուտ» ՓԲԸ-ն գիւղացիներու սեփական հողատարածքներուն դիմաց վճարած էր չնչին գումարներ՝ մէկ քառակուսի մեթրի դիմաց 36-60 դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment