Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հ.Բ.Ը.Մ-ի Կազմակերպած Բացառիկ Երեկոն Նուիրուած Առնօ Պապաճանեանին

Հ.Բ.Ը.Մ-ի Կազմակերպած Բացառիկ Երեկոն Նուիրուած Առնօ Պապաճանեանին

by MassisPost

Շաբաթ, 2 Փետրուար, 2019-ին, կազմակերպութեամբ՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի վարչութեան տեղի ունեցաւ բացառիկ երեկոյ նուիրուած մեծատաղանդ հայ երգահան Առնօ Պապաճանեանին ստեղծագործութիւններուն:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Փասատինայի նորակառոյց՝ Թամար եւ Վաչէ Մանուկեան սրահէն ներս համախմբուած արուեստագէտ հասարակութիւնը լեցուցած էր սրահը:

Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Արմէն Պայպուրթեան, Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտի անդամ՝ Անթոնի Փորթանթինօ եւ Նահանգային Խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան:

 

Գեղարուեստական երեկոն իւրայատուկ ոճով վարեց Գայանէ Աւետիսեան: Ան առաջին հերթին բեմ հրաւիրեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Շրջանի ատենապետուհի՝ իրաւաբան Թալին Եագուպեանին: Բարի Գալուստի մաղթանքներէն ետք, Տիկ. Եագուպեան կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպումը, յատկապէս հայապահպանման գործընթացին մէջ եւ յայտնեց իր գոհունակութիւնը երեկոյի իրականացման նպաստողներուն ու մասնակիցներուն:

Յայտագրի առաջին մասը նուիրուած էր Պապաճանեանի դասական ստեղծագործութիւններուն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հմուտ երաժիշտներ՝ Ալլէն Տիշիքրիկեան, Արմէն Տէր Գէորգեան, Արմէն Կիւզէլիմեան, Արմէն Քսաճիքեան եւ Սոնա Նալպանտեան: Անոնք յաջողեցան բարձրորակ կատարողութեամբ հմայել ներկաները:
Յայտագրի առաջին բաժնի աւարտին փայլուն ելոյթ ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի նորակազմ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գայանէ Պաղտասարեանի:

AGBU LA Choir

Երկրորդ բաժնով՝ ներկայացուեցան Պապաճանեանի ժողովրդական գործերը, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ: Երգիչ-երգչուհիներ՝ Նարեկ Մակարեան, Անի Քրիսթի, Էմմի, Սարգիս Մանուքեան եւ Ռազմիկ Մանսուրեան կատարեցին երգահանի ծանօթ գործերը:

Աւարտին բեմ բարձրացան բոլոր երգիչ-երգչուհիները ու երգչախումբի անդամները՝ միասնաբար «Իմ Սիրելի Երեւանով» փակելու համար բացառիկ այս երեկոն:

Բեմի զարդարանքի հեղինակն էր Մանուկ Սադամեանը:

Լոս Անճելըսահայ մշակութային կեանքէն ներս մեծ եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի ներդրումը: Սոյն ձեռնարկն ալ կու գայ աւելնալու այդ փայլուն էջերուն վրայ:

Պէտք է շնորհաւորել ու շնորհակալութիւն յայտնել Հ.Բ.Ը.Մ.ին, յատկապէս նոր սերունդին հանդէպ իր ունեցած նախանձախնդրութեան եւ հայ մշակոյթն ու արժէքները անոնց փոխանցելու իր աշխատանքներուն ու ճիգին մէջ:
Վարձքը կատար բոլոր մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին:
Լ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment