Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վիքթոր Համբարձումեանի Անուան Միջազգային Մրցանակ՝ Խումբ մը Գիտնականներու

Վիքթոր Համբարձումեանի Անուան Միջազգային Մրցանակ՝ Խումբ մը Գիտնականներու

by MassisPost

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս, 13 Փետրուարին, տեղի ունեցած է աշխարհահռչակ աստղաֆիզիքոս Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային գիտական մրցանակի յանձնման արարողութիւնը։ Այս մասին NEWS.am-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ԳԱԱ լրատուական ծառայութենէն։

«Ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային գիտական մրցանակը» կը տրուի  աշխարհի յայտնի գիտնականներու աստղագիտութեան եւ անոր յարակից բնագիտութեան, ուսողութեան մարզերու մէջ ստացած կարեւորագոյն գիտական արդիւնքներու համար երկու տարին մէկ անգամ:

Գիտական մրցանակի միջազգային յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց, որ մինչ 2018-ի Ապրիլին ստացած են 14 տարբեր առաջարկ-ներկայացում գիտութիւններու ակադեմիաներէ եւ այլ խոշոր գիտական կեդրոններէ:

Միջազգային յանձնաժողովը որոշած է մրցանակը յանձնել հետեւեալ գիտնականներու խումբին. Ամսթերտամի համալսարանի Անտոն Փանեքուքի անուան աստղագիտութան հիմնարկի փրոֆէսոր Էդուարդ Վան տէն Հոյուելին, Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայ աստղագիտութեան հիմնարկի փրոֆէսոր Ալեքսանդր Թութուքովին եւ նոյն հիմնարկի փրոֆէսոր Լեւ Եունկելսոնին

Խումբը առաջադրուած է Ամսթերտամի համալսարանի Անթոն Փանեքուքի անուան աստղագիտութեան հիմնարկի եւ միաժամանակ Մոսկուայի ՌԴ ԳԱ աստղագիտութեան հիմնարկին կողմէ «For their pioneering studies of massive binary stars, in particular the formation of relativistic binaries and gravitational-wave sources» ուսումնասիրութեան համար։

Յաղթողները շնորհաւորած եւ մրցանակ յանձնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment