Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Հակահայ Գործունէութիւն Ծաւալած Օքսուզ Ընդունած Է Իր Մեղքը

Հակահայ Գործունէութիւն Ծաւալած Օքսուզ Ընդունած Է Իր Մեղքը

by MassisPost

Անցեալ տարի Երեւանի մէջ ձերբակալուած թուրք լոպպիստական գործիչ Քեմալ Օքսուզը Ամերիկայի մէջ դատապարտուած է երկու տարուան պայմանական ազատազրկման եւ տուգանուած 20 հազար տոլարով լոպպիստական գործունէութիւնը կարգաւորող ամերիկեան օրէնսդրութեան շարք մը դրոյթներ խախտելու եւ կեղծ տեղեկութիւններ տալու համար:

Օքսուզ ընդունած է իր մեղքը: «Թուրան» գործակալութեան փոխանցմամբ՝ 11 Փետրուարին կայացած դատական նիստի ժամանակ ան ըսած է. – «Ես ամօթ կը զգում եւ ծանր ապրումներու մէջ եմ: Իմ անօրինական վարքագիծի ամբողջ պատասխանատւութիւնը ես կը վերցնեմ: Ներողութիւն կը խնդրեմ»:

Օքսուզը ԱՄՆ-ի մէջ կը մեղադրուի ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատի քաղաքակրթութեան յանձնաժողովէն փաստացի նիւթերը կեղծելու միջոցով թաքցնելու եւ ներկայացուցիչներու պալատի քաղաքակրթութեան յանձնաժողովին կեղծ յայտարարագիր ներկայացնելու մէջ:

Նշենք, որ 2018 Դեկտեմբերին, ամերիկեան դատարանը վճռած էր անոր 50 հազար տոլար գրաւի դիմաց ազատ արձակել: Կփակնկալուի, որ Օքսուզի դատավճիռը կը հրապարակուի այսօր իսկ:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ իրաւապահներու կողմից հետախուզուող Օքսուզը 29 Օգոստոս 2018-ին ձերբակալուած էր Երեւանի մէջ: Քեւին Օքսուզը Հայաստանի մէջ, 2017 Սեպտեմբերին հիմնած էր «Տը Սենա Կրուփ» ընկերութիւնը, որ կը զբաղէր տարատեսակ ձեռնարկներու կազմակերպումով: Նախորդ տարուան Սեպտեմբերին՝ Քեմալ Օքսուզի կողմէ խոշոր չափերու հարկեր չվճարելու դէպքին առիթով՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 205-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած էր քրէական գործ:

Ամերիկեան կողմը մինջնորդութիւն ներկայացուցած էր ՀՀ դատախազութիւն Օքսուզը յանձնելու վերաբերեալ:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազին որոշումով՝ բաւարարուած էր Քեւին Օքսուզի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելու նպատակով ԱՄՆ իրաւասու մարմիններուն յանձնելու միջնորդութիւնը:

Օքսուզ կը հետախուզուէր նաեւ Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ: Թրքական կողմը զինք կը մեղադրէ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող գիւլենական համայնքին հետ կապ ունենալու մէջ: Այդ ծիրէն ներս՝ ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը Թուրքիոյ իրաւասու մարմիններէն ստացած էր միջնորդութիւն՝ Օքսուզը իրենց յանձնելու վերաբերեալ: Ի պատասխան, ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն ըսած էին, թէ Օքսուզը արտայանձնելու պահանջով ԱՄՆ Թուրքիայէն առաջ դիմած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment