Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարա կը Շարունակէ Դատապարտել Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Հռչակելու Մաքրոնի Որոշումը

Անգարա կը Շարունակէ Դատապարտել Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Հռչակելու Մաքրոնի Որոշումը

by MassisPost

Պաշտօնական Անգարայէն կը շարունակեն արձագանգներ հնչել Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու որոշման առնչութեամբ:

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընի՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումը դատապարտող յայտարարութեան հետեւած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Համի Աքսոյի արձագանգը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ Աքսոյը ըսած է. «Ցաւալի է, որ քաղաքական գործիչ մը, որ անտեղեակ է օսմանեան պատմութենէն, հաշուի չառներ ֆրանսական եւ եւրոպական իրաւունքը եւ թուրքերու համար չափազանց զգայուն պատմական հարցի շուրջ միակողմանի դիրքորոշում  կ’ընդունի` ելլելով անձնական, քաղաքական շահէ»:

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիքը եւս, նախագահ Մաքրոնի որոշումը պայմանաւորելով քաղաքական նկատառումներով, անոր կոչ ըրած է նախ առերեսուիլ սեփական պատմութեան:

Ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ համոզմունք յայտնած է, թէ ճիշդ չէ անցեալի ցաւալի իրադարձութիւնները քաղաքականութեան նիւթ դարձնելը:

«1915 թուականի դէպքերը ե՛ւ հայ, ե՛ւ թուրք ժողովուրդներու յիշողութեան մէջ խոր հետք թողած ողբերգական իրադարձութիւններ են: Այդ ողբերգութեան հետքերը մաքրելն ու ցաւերը ամոքելը հնարաւոր չէ երրորդ երկիրներու անտեղի ու անօգուտ որոշումներու պատճառով: Անցեալի ցաւը այսօր քաղաքական հաշիւներու թեմայ դարձնելը չի նպաստեր երկու երկիրներու միջեւ կամուրջի վերականգնման», – յայտարարած է Քըլըչտարօղլուն:

Արտախորհրդարանական «Հայրենիք» կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչէքն ալ որոշած է ուղիղ Էմանուէլ Մաքրոնին յայտնել իր դժգոհութիւնը: Ֆրանսայի նախագահին հասցէագրուած նամակին մէջ ան կոչ ըրած է «հրաժարիլ ցեղասպանութեան սուտերէն»: Ան պնդած է, թէ Մաքրոնի քայլը հակաիրաւական է՝ յիշեցնելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 2013, 2015 եւ 2017 թուականներու որոշումները, որոնց համաձայն, ըստ Փերինչէքի, պետութիւններու նախագահները, խորհրդարանները, կառավարութիւնները իրաւասու չեն որոշումներ կայացնելու ցեղասպանութեան հարցի շուրջ:

Կարօ Փայլանը Պատասխանած է Էրտողանի Խօսնակի Յայտարարութեան

paylan

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնը քննադատած Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընին:

«Ermenihaber»-ը կը գրէ, որ արձագանգելով այդ յայտարարութեան՝ Փայլանը Twitter-ի մէջ կատարած է երկու գրութիւն։ Առաջինով հարց յղած է Էրտողանի խօսնակին.

«Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քաղաքական սուտ է, ուրեմն ինչո՞ւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 5 տարի շարունակ Ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդին ցաւակցական ուղերձ կը յղէ»:

Յաջորդ արձանագրութեան մէջ՝ Փայլան յայտնած է հետեւեալ միտքը.

«Պետութեան որոշումով այս հողերէն աքսորուած եւ կոտորուած հայ ժողովուրդին մեծ ողբերգութեան հետ Թուրքիան չէ առերեսուած եւ անուանում չէ տուած… Տեղի ունեցածը նախ եւ առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ նախագահի խնդիրը պէտք է ըլլայ, պէտք է առերեսուիլ եւ անուն տալ տեղի ունեցածին… 104 տարի է արդարութեան կը սպասենք»:

Յիշեցնենք, որ 5 Փետրուարին, Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած էր, որ Ապրիլ 24-ը պիտի դառնայ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր»։ Մաքրոն նշած էր, որ իր այս նախաձեռնութիւնը պիտի սկսի գործել յաջորդ Ապրիլ 24-էն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment