Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «104 Տարի է Արդարութեան կը Սպասենք»․ Փայլանը Հակադարձած է Էրտողանի Խօսնակին

«104 Տարի է Արդարութեան կը Սպասենք»․ Փայլանը Հակադարձած է Էրտողանի Խօսնակին

by MassisPost

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արձագանգած է նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալընի երեկուայ յայտարարութեան, թէ «Հայոց ցեղասպանութեան մասին պնդումները իրաւական հիմնաւորումէ զուրկ, պատմական իրականութեան հակասող քաղաքական սուտ են»:

«Թուրքիան չառերեսուեցաւ, չընդունեց պետութեան որոշմամբ այս հողերէն արտաքսուած եւ կոտորուած հայ ժողովուրդի մեծ եղեռնը: Տեղի ունեցածը նախ եւ առաջ պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ նախագահի խնդիրը, պէտք է առերեսուին, դէպքերը կոչեն իրենց անունով: 104 տարի է արդարութեան կը սպասենք», – իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած է Կարօ Փայլան: Ան տարակուսանք յայտնած է՝ եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքական սուտ է, ապա ինչո՞ւ նախագահ Էրտողանը վերջին 5 տարին ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդին ցաւակցական ուղերձ կը յղէ:

Յիշեցնենք, Թուրքիոյ նախագահի խօսնակը խստօրէն դատապարտած էր ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ որպէս Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու մասին նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment