Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանը կը Մնայ Կալանքի Տակ

Ռոպերթ Քոչարեանը կը Մնայ Կալանքի Տակ

by MassisPost

Վերաքննիչ քրէական դատարանը ամբողջութեամբ մերժած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու բողոքը. Քոչարեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ։ Այդ մասին նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է գործով դատախազը։

Ըստ դատախազին` Քոչարեանը ներկայ եղած է այսօրուան նիստին։

Նշենք, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանին կողմէն Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ բողոքի քննութիւնը աւարտած է 4 Փետրուարին։ Քոչարեանի փաստաբանները վիճարկած էին առաջին ատեանի դատարանի 18 Յունուարին որոշումը՝ եւս երկու ամիսով երկարաձգած սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Քոչարեանի կալանքը:

Հայաստանի Առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Հարցաքննուած
ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ, Մարտ 1-ի քրէական գործի շրջանակներէն ներս, վկայի կարգավիճակով հարցաքննուած է ՀՀ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը: Հարցաքննութիւնը տեւած է 1,5 ժամ: Այս մասին տեղեկացուցած է Առաջին նախագահի մամլոյ խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment