Home ԱՅԼԱԶԱՆ «Ուիքիփետիա»ի Մէջ Շուտով Արեւմտահայերէնը Առանձին Բաժին Պիտի Դառնայ

«Ուիքիփետիա»ի Մէջ Շուտով Արեւմտահայերէնը Առանձին Բաժին Պիտի Դառնայ

by MassisPost

«Ուիքիփետիա» ազատ բովանդակութեամբ, բազմալեզու հանրագիտարանին մէջ մօտ 2 շաբաթէն պիտի ստեղծուի արեւմտահայերէն առանձին տիրոյթ:

«Արմէնբրես»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Ուիքիմետիա Հայաստան» ՀԿ-ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանը:

«Ուիքիփետիայի» հայկական տիրոյթին մէջ արեւմտահայերէնով նիւթեր գրուած են դեռ 2014 թուականէն: Ցաւօք, արեւմտահայերէնը ISO քոտ չունէր, եւ այն որպէս առանձին լեզու հաստատելու համար  բաւականին ժամանակ ծախսուեցաւ: «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հետ համագործակցութեան արդիւնքով  ISO քոտ ունեցանք»,- նշած է Մկրտչեանը:

Անոր խօսքով՝ Լեզուի կոմիտէի որոշում կայ, որ «Ուիքիփետիայի» մէջ արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնէն պէտք առանձնացուի:

«Մնացեր են թեքնիք հարցեր: Կը կարծեմ, մօտ երկու շաբաթուան ընթացքին կը լուծուին այդ հարցերը»,- շեշտած է «Ուիքիմետիա Հայաստան» ՀԿ-ի նախագահը:

«Ուիքիփետիայով» արեւմտահայերէնով գրուած է աւելի քան 7000 յօդուած:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment