Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Դարձեալ Հայերէն Խլած է Հայկական «Սանասարեան Տան» Շէնքը

Թուրքիան Դարձեալ Հայերէն Խլած է Հայկական «Սանասարեան Տան» Շէնքը

by MassisPost

Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանը որոշում կայացուցած է հայկական «Սանասարեան տան» սեփականութեան իրաւունքը պետութեան վերադարձնելու: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ Այսպիսով, շէնքը այսուհետեւ պիտի պատկանի Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան:

Այս վճիռը՝ 2017-ին նոյն դատարանին կողմէ կայացուած որոշման՝ տրամագծօրէն հակառակ վճիռն է: Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան նախաձեռնած դատական գործընթացին ծիրէն ներս՝ 2017-ին, վերոնշեալ դատարանի կայացուցած որոշումով, պետութեան կողմէն ժամանակին խլուած շէնքի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած էր պատրիարքարանին: Սակայն, հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան պահանջով, օրերս գումարուած նոր նիստի մը իբրեւ արդիւնք,  դատարանը իր իսկ նախորդ որոշումը բեկանած է՝ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը կրկին վերադարձնելով վարչութեան:

Հայկական կողմին շահերը պաշտպանող փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու յայտարարած է, որ վճիռը բողոքարկելու համար պիտի դիմէ Թուրքիոյ սահմանադրական դատարան:

Նշենք, որ պետութեան կողմէ առգրաւուած եւ Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան յանձնուած շէնքին նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքը ետ ստանալու նպատակով՝ պատրիարքարանը թրքական դատարան դիմած է դեռ 2011-ին: 2014 Յուլիսին, Պոլսոյ 13-րդ դատարանը որոշում կայացուցած էր յօգուտ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան, որմէ ետք պատրիարքարանը բողոք ներկայացուցած էր վերաքննիչ դատարան: Շուրջ երեք ու կէս տարի տեւած դատական գործընթացին իբրեւ արդիւնք՝ 2017-ին վճռուած էր ճանչնալ այդ շէնքին նկատմամբ Պոլսոյ պատրիարքարանի սեփականութեան իրաւունքը:

«Սանասարեան տուն»ը  կառուցուած է 1881-ին, կարնեցի հայ վաճառական եւ բարերար Մկրտիչ Սանասարեանի կողմէն: Պոլսոյ մէջ հիմնադրուած այս շէնքը նպատակ ունեցած է Կարնոյ մէջ բացուած նոյնանուն դպրոցին համար եկամուտ ապահովել:

Շէնքին կառավարման իրաւունքը յանձնուած է Սանասարեան հիմնադրամին, իսկ հիմնադրամին ղեկավարումը` Պոլսոյ հայոց պատրիարքին: Հանրապետական Թուրքիոյ կողմէ շէնքի բռնագրաւումէն ետք՝ անիկա օգտագործուած է իբրեւ Պոլսոյ ոստիկանութեան շէնք, այնուհետեւ այստեղ կեդրոնացած է տնտեսական դատարանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment