Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Փոխվարչապետի Կարծիքով Պետական Համակարգի Աշխատավարձերը Պէտք է Մօտեցնել Մասնաւոր Ոլորտի Վճարներուն

ՀՀ Փոխվարչապետի Կարծիքով Պետական Համակարգի Աշխատավարձերը Պէտք է Մօտեցնել Մասնաւոր Ոլորտի Վճարներուն

by MassisPost

ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի կարծիքով, պետական համակարգի աշխատավարձերը մրցունակ դարձնելու կարիք կայ։

«Ես կարծում եմ, որ քաղաքական ծառայութեան համակարգի ընդհանուր վերանայման կարիք կայ եւ բարոյական կողմի վրայ, այո, միանշանակ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, բայց եթէ մենք ուզում ենք կայացնել իրապէս մրցունակ պետական համակարգ, մենք պէտք է քաղաքական ծառայութեան համակարգը վերանայենք, ինչպէս նաեւ պետական համակարգում աշխատավարձերը գոնէ մօտեցնենք մասնաւոր   հատուածին եւ սարքենք մրցունակ, որպէսզի լաւագոյն քատրերը ինչ-որ մի փուլում չգնան մասնաւոր հատուած», – յայտարարած է Տիգրան Աւինեանը՝ պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցին, թէ արդեօք իշխանութիւնները չեն պատրաստուիր որոշակի սահմանափակումներ մտցնել պաշտօնեաներու պարգեւավճարներու հարցին վերաբերեալ։

Տարեվերջին պետական մարմիններու կողմէ պարգեւավճարներու՝ այսպէս կոչուած «13-րդ աշխատավարձի» վճարման մասին տեղեկութիւնները այս օրերուն մեծ քննադատութեան տեղիք տուած են ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ։ Աղքատութեան եւ գործազրկութեան ֆոնին այդ բարձր պարգեւավճարները շատերը դիտարկած են որպէս քաղաքացիներու հարկերէն գոյացող միջոցներու վատնում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment