Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի մէջ Պիտի Կառուցուի Նորարարութեան եւ Արհեստագիտութիւններու Կեդրոն ՝ 6000 Աշխատատեղերով

Երեւանի մէջ Պիտի Կառուցուի Նորարարութեան եւ Արհեստագիտութիւններու Կեդրոն ՝ 6000 Աշխատատեղերով

by MassisPost

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու տարածաշրջանային  կեդրոն,  որ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու շրջանին կառուցուող առաջին բազմաճիւղ պարկը պիտի ըլլայ ՏՏ-ին (Տեղեկատուական արհեստագիտութեան) զուգահեռ ներկայացուած ոլորտներու եւ ընկերութիւններու աշխարհագրութեան տեսանկիւնէ։

«Կալաքսի» ընկերութիւններու խումբի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, պարկը կը նախատեսուի ճարտարապետական, ֆինանսական, դրամատնային, առողջապահական, ապահովագրական, ռազմական, գիւղատնտեսական, հանքաարդիւնաբերական, մետիա եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու մէջ նորարարական լուծումներ առաջարկող ընկերութիւններու համար՝ աւելի քան 6000 աշխատատեղերով։

Պարկին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան «սթարթ-ափներ»ու  դրամագլուխ ապահովող ֆոնտեր:

Ծրագրի նախաձեռնութիւնը կը կատարէ «Կալաքսի» ընկերութիւնները, որու կազմին մէջ կը մտնեն, մասնաւորապէս, ՏՏ (Տեղեկատուական արհեստագիտութեան) ոլորտի առաջատար Ucom եւ iunetworks ընկերութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment