Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մհեր Եղիազարեանի Մահուան Դէպքի Առթիւ Յարուցուած է Քրէական Գործ

Մհեր Եղիազարեանի Մահուան Դէպքի Առթիւ Յարուցուած է Քրէական Գործ

by MassisPost

Քննչական կոմիտէի կողմէ քննութիւն կը կատարուի՝ պարզելու համար «Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն ներս պահուող կալանաւոր Մհեր Եղիազարեանի մահուան հանգամանքները:

«Նկատի ունենալով, որ նախապատրաստուած նիւթերում առկայ են քրէական գործ յարուցելու առիթ եւ բաւարար հիմքեր՝ յարուցուել է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 130-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (Բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում իրականացնողների կողմից մասնագիտական պարտականութիւնները չկատարելը կամ ոչ պատշաճ կատարելը, որն անզգուշութեամբ առաջացրել է բուժուող հիւանդի մահ): Ձեռնարկւում են անհրաժեշտ քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ՝ կալանաւորի մահուան հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ: Նախաքննութիւնը շարունակւում է»,- յայտնած է Քննչական կոմիտէն։

«Հայնիուզ» լրատուական կայքի պատասխանատու, «Հայոց Արծիւներ» կուսակցութեան փոխնախագահ Մհեր Եղիազարեանը մահացած էր բանտին մէջ, 26 Յունուարին՝ սրտամկանի կաթուածէն։ Խարդախութեան եւ կաշառքի միջնորդութեան համար մեղադրուող Եղիազարեանը կալանաւորուած էր 5 Դեկտեմբերին եւ նոյն օրն ալ հացադուլ յայտարարած էր, որ տեւած էր 44 օր։ Ան հացադուլը դադրեցուցած էր 17 Յունուարին ու տեղափոխուած «Նուպարաշէնի» բժշկական կեդրոն, ուր ալ մահացած էր։

Եղիազարեանի պաշտպանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պնդած էր՝ եթէ 44-օրեայ հացադուլէն ետք Եղիազարեանը բուժուէր ոչ թէ՝ «Նուպարաշէնի» բժշկական կեդրոնի, այլ քաղաքացիական հիւանդանոցի մէջ, հնարաւոր է՝ ան այսօր ողջ ըլլար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment