Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկական Դիրքերը Անօդաչու Թռչող Սարքով Հարուածելու մէջ Մեղադրուող Իսրայէլական Ընկերութեան Դէմ Նոր Պատժամիջոց Կիրառուած է

Հայկական Դիրքերը Անօդաչու Թռչող Սարքով Հարուածելու մէջ Մեղադրուող Իսրայէլական Ընկերութեան Դէմ Նոր Պատժամիջոց Կիրառուած է

by MassisPost

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատժամիջոց կիրառած է անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող Aeronautics Defense Systems ընկերութեան նկատմամբ, որ կը մեղադրուի Ատրպէյճանի պահանջով հայկական դիրքերուն հարուածներ հասցնելու մէջ, կը գրէ «The Times of Israel»-ը:

Ըստ պարբերականին, մասնաւորապէս, նախարարութիւնը կասեցուցած է ընկերութեան երեք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ այդ շարքին գլխաւոր գործադիր տնօրէնի արտահանման արտօնագրերը, ինչը կը նշանակէ, որ վերջիններս այսուհետ չեն կրնար օտարերկրեայ գնորդներու հետ բանակցութիւն վարել կամ գործարք կնքել:

Առանց Պաշտպանութեան նախարարութեան այդ փաստաթուղթին որեւէ ընկերութեան աշխատակից չի կրնար իր ապրանքը օտարերկրեայ գնորդի վաճառել: Առայժմ յստակ չէ՝ արդեօ՞ք Aeronautics Defense Systems-ի մէջ կան այդ արտօնագրերը ունեցող այլ պաշտօնեաներ, թէ ընկերութիւնը ստիպուած է ժամանակաւորապէս դադրեցնել օտարերկրեայ մատակարարումները, մինչեւ պաշտօնեաներէն ոեւէ մէկը նորէն այն ստանայ: Գործին առնչուող մանրամասները շատ քիչ են, ընկերութեան դէմ քննութիւնը կ’ընթանայ փակ, գաղտնի ռեժիմով եւ այս պատժամիջոցներու մասին ալ յայտնի դարձած է անուղղակի, երբ ընկերութիւնը Թէլ Աւիւի սակարանին տեղեկացուցած է, որ վկայագրերէ զրկուած պաշտօնեաներն այսուհետ չեն կրնար ներկայացնել իրենց արտադրանքը արտերկրի մէջ: Թէլ Աւիւի սակարան ուղարկած յայտարարութեան մէջ ընկերութիւնը նշած է, որ աւելի վաղ՝ երկու տարի առաջ ալ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը արգիլած էր իրենց Orbiter 1K տեսակի անօդաչու սարքը վաճառել ծանրակշիռ յաճախորդի մը: Ընկերութիւնը չէ յստակեցուցած՝ ով եղած է այդ հաւանական գնորդը, մինչդեռ մամուլի տեղեկութիւններով, խօսքը Ատրպէյճանի հետ կնքուելիք մօտ 20 միլիոն տոլար արժողութեամբ գործարքի մասին է:

Ընկերութիւնը իրաւապահներու ուշադրութեան կեդրոն յայտնուած էր, երբ 2017-ին, ատրպէյճանական կողմի պահանջով, համաձայնած էր Orbiter 1K տեսակի անօդաչու թռչող սարքի կարողութիւնները ցուցադրել մարտական պայմաններու մէջ` հարուած հասցնելով հայկական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ: Ընդ որում, ըստ իսրայէլական մամուլի, ընկերութեան շարքային աշխատակիցները Ատրպէյճան կատարած այցի ժամանակ հրաժարած էին կատարել այդ պահանջը, փաստելով, որ իսրայէլական օրէնքը կ’արգիլէ զէնքը փորձարկել կենդանի թիրախներու վրայ: Աւելի ուշ, սակայն, անոնց վերադասները համաձայնած էին ստանձնել անօդաչու թռչող սարքի կառավարումը, որ կրնայ 1-2 քիլոկրամ յատուկ պայթուցիկ նիւթ տեղափոխել: Փորձի պակասի պատճառով, սակայն, իսրայէլական ընկերութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները չէին կրցած ճշգրիտ հարուած հասցնել թիրախներուն, եւ յարձակման հետեւանքով երեք հայ զինծառայող մարմնական վնասուածքներ ստացած էր, կը գրէ «The Times of Israel»-ը:

Աւելի վաղ՝ 2016-ին, Ատրպէյճանը նոյն ընկերութեան անօդաչու թռչող սարքերով խոցած էր հայկական հանրակառք մը, ինչի հետեւանքով եօթ մարդ զոհուած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment