Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ICIJ. Հայաստանի Մէջ Վերաբացած են Միհրան Պօղոսեանի Օֆշորային Սքանտալ- Գործը

ICIJ. Հայաստանի Մէջ Վերաբացած են Միհրան Պօղոսեանի Օֆշորային Սքանտալ- Գործը

by MassisPost

«Հետաքննող լրագրողներու միջազգային համաձայնութիւնը» (ICIJ) յայտնած է ՀՀ Դատական աքթերու հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) ծառայութեան նախկին պետ, արդարադատութեան զօրավար, Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման պատգամաւոր Միհրան Պօղոսեանի՝ Փանամայի մէջ գրանցած օֆշորային ընկերութիւններու վերաբերեալ քրէական գործի վերաբացման մասին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, ըստ ICIJ-ի հրապարակման՝ թաւշեայ յեղափոխութենէն ամիսներ անց ՀՀ նոր կառավարութիւնը հետաքննութիւն սկսած է ՀՀԿ-ական նախկին պատգամաւոր Միհրան Պօղոսեանի անուան հետ կապուած՝ Փանամայի օֆշորային սքանտալի գործով:

ICIJ-ն նշած է, որ ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը կը քննէ Միհրան Պօղոսեանի՝ օֆշորային երեք ընկերութեան հետ կապը, ինչպէս նաեւ կը ստուգէ փողերու հնարաւոր լուացման դէպքերը:

2016 թուականին «Հետք» լրատուամիջոցը՝ իր «Փանաման նուաճած հայ զօրավարը․ Միհրան Պօղոսեանի օֆշորային ընկերութիւնները եւ հաշիւները զուիցերիական դրամատան մէջ» հրապարակման մէջ բացայայտած էր այդ ժամանակ ՀՀ գլխաւոր հարկադիր կատարող, արդարադատութեան զօրավար Միհրան Պօղոսեանի ընկերութիւնները Փանամայի օֆշորային գօտիին մէջ։ Համաձայն գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու՝ ՀՀ գլխաւոր հարկադիր կատարողը բաժնետէր էր Փանամայի մէջ գրանցուած երեք ընկերութիւններու՝ «Sigtem Real Estates Incorporated», «Hopkinten Trading Incorporated», «BANGIO INVEST S.A.»:

Հրապարակումէն ետք՝ 18 Ապրիլի 2016-ին Պօղոսեանը հրաժարական տուած է Դատական աքթերու հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) պետի պաշտօնին:

2017 թուականի 23 Յունուարին Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) որոշում կայացուցած է Պօղոսեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում չիրականացնելու եւ քրէական գործով վարոյթը կարճելու մասին՝ անոր արարքին մէջ յանցակազմի բացակայութեան հիմքով:

2017-ի  Ապրիլին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Պօղոսեանը կրկին պատգամաւոր ընտրուած է եւ շարունակած օրէնսդիր գործունէութիւնը ՀՀԿ խմբակցութեան կազմին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment