Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հազարաւոր Մարդիկ Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած են Հրանդ Տինքի Յիշատակը

Հազարաւոր Մարդիկ Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած են Հրանդ Տինքի Յիշատակը

by MassisPost

«12 տարի է արդարութիւն չկայ, Հրանդը չկայ, հրաժարիլ չկայ». – այս ուղերձի ներքոյ հազարաւոր մարդիկ 19 Յունուարին Պոլսոյ մէջ հաւաքուած էին «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան առջեւ՝ յիշելու 12 տարի առաջ թուրք ազգայնականի կրակոցներէն սպաննուած պոլսահայ նշանաւոր մտաւորական, «Ակօս»-ի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքը:

Թրքական ոստիկանութիւնը լայնածաւալ միջոցառումներ ձեռնարկած էր՝ ապահովելու համար հաւաքի անվտանգութիւնը, փակուած էին խմբագրատուն տանող ճանապարհները, յարակից մեթրոյի կանգառը:

dink-12Այս տարի «Ակօս»-ի խմբագրատան պատշգամէն Տինքին նուիրուած խօսքով հանդէս եկած է 1948 թուականին ձերբակալուած եւ անհետ կորած թուրք նշանաւոր արձակագիր Սապահատտին Ալիի դուստրը՝ Ֆիլիզ Ալին: «12-րդ անգամ ըլլալով հաւաքուած ենք քու ձեռքերով հիմնած, մեծցուցած «Ակօս»-ի շէնքին առջեւ, քեզ մեզմէ խլած խաւարին դէմ կանգնելու, քու եւ ընտանիքիդ կողքին ըլլալու համար», – ըսած է ան:

Տինքի մահուան հերթական տարելիցի կապակցութեամբ ուղերձ յղած են նաեւ շուրջ մէկ տարի կալանաւորուած թուրք յայտնի հասարակական գործիչ, «Անատոլու Քուլթուր» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Օսման Քաւալան, Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան նախագահ Թուրկայ Օլճայթոն:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Տինքը յիշելու եկած մտերիմներու պահանջը մէկն էր՝ արդարութիւն:

«12 տարի է արդարութեան համար կը պայքարինք, բայց, դժբախտաբար, այսօր շատ հեռու ենք մեր նպատակէն», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, որ օրերս առաջարկած էր Տինքի սպանութեան գործի քննութիւն սկսիլ թրքական Մէճլիսէն ներս: «Բայց մենք ալ այս արդարութեան պայքարը պիտի շարունակենք, եւ օր մը, այդ օրը շատ մօտ չէ, բայց պիտի գայ օր մը՝ Հրանդ Տինքի եւ Ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պիտի հաստատենք», – ըսած է Փայլան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment