Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտ Ամսէն Թուրքիոյ Մէջ Պիտի Հեռարձակուի Առաջին Հայկական Հեռուստաալիքը

Մարտ Ամսէն Թուրքիոյ Մէջ Պիտի Հեռարձակուի Առաջին Հայկական Հեռուստաալիքը

by MassisPost

Յառաջիկայ Մարտ ամսէն Թուրքիոյ մէջ պիտի հեռարձակուի առաջին հայկական համացանցային հեռուստաալիքը՝ «Լոյս TV»-ն։

Շուրջ 7 տարի առաջ պոլսահայ մտաւորական Արամ Քուրանի եւ անոր ընտանիքի ջանքերով հիմնուած «Լոյս» ամսագրի յաջողութիւնը յուշեց հեռուստաալիք ստեղծելու գաղափարը։ Առաջին հեռարձակման փորձը արդէն ըրած են՝ 6 Յունուարին, Սուրբ Ծննդեան օրը, ուղիղ եթերով ցուցադրելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի մայր եկեղեցւոյ ու Շիշլիի հայկական Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ տօնական պատարագները։

«Լոյս TV»-ի համահիմնադիրներէն Յարութիւն Քուրանի խօսքերով, այժմ հեռուստաալիքը կը պատրաստուի շուրջօրեայ հեռարձակման՝ ծրագրի յստակեցման, աշխատակազմի ձեւաւորման, թեխնիքական վերազինման աշխատանքներ  կ’ընթանան:

«Լուրեր պիտի ըլլան, մեր կրօնքին, հայերուն մասին, զաւակներուն մասին», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է Յարութիւն Քուրանը։ – «Մշակութային հաղորդումներ ալ պիտի ըլլան, մեր երգը, մեր պարը պիտի ըլլայ, Հայաստանէն լուրեր պիտի ըլլան, որովհետեւ մենք շատ կ’ուզենք Հայաստանի հետ կապ ստեղծել»։

«Լոյս TV»-ի համահիմնադիրը ուրախութեամբ նշած է, որ հայկական հեռուստաալիքի ստեղծման ճանապարհին Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէն ոչ մէկ արգելքի հանդիպած են: «Պետութիւնը մեզի շատ օգնեց։ Անոնք ալ ըսին, որ դուք Թուրքիոյ համար գոյն մըն էք, ձեր գործը Թուրքիոյ համար  շատ կարեւոր է», – մանրամասնած է Քուրան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment