Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Human Rights Watch Դրական Գնահատականներ Տուած է Հայաստանի Ներկայ Իշխանութիւններուն Մասին

Human Rights Watch Դրական Գնահատականներ Տուած է Հայաստանի Ներկայ Իշխանութիւններուն Մասին

by MassisPost

«Մարտի 1»-ի գործով նախորդ իշխանութիւններու օրօք իրականացուած հետաքննութիւնը միակողմանի էր, յայտարարած է Human Rights Watch հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը հրապարակած տարեկան զեկոյցին մէջ` փաստելով, որ այդ հետաքննութեան արդիւնքով դատարանի առջեւ կանգնած էին միայն ընդդիմադիրները, 52 ցուցարար յայտնուած էր բանտը:

Հայաստանի նոր իշխանութիւնները վերակենդանացուցին այդ հետաքննութիւնը` մեղադրանքներ ներկայացնելով երեք նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, այդ շարքին` նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, սահմանադրական կարգը տապալելու համար, արձանագրած է միջազգային կառոյցը:

Ամփոփելով անցած տարի Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ տեղի ունեցած զարգացումները, հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը նշած է` ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը դարձաւ վարչապետ` նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ ապրիլին ու մայիսին քանի մը շաբաթ շարունակուած բողոքի ցոյցերէն ետք: «Սահմանուած առաւելագոյն` երկու ժամկէտը նախագահելէ ետք, Սարգսեանը կը փորձէր մնալ իշխանութեան ղեկին` ստանձնելով վարչապետի պաշտօնը», – կը յիշեցնէ Human Rights Watch-ը, ընդգծելով` Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն ետք Փաշինեանը ժառանգեց երկիր մը, որն ընկղմած էր կաշառակերութեան եւ մարդու իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներու մէջ:

«Հայաստանեան նախորդ ընտրութիւնները մթագնուած էին ընտրակաշառքի, քաղծառայողներու ու մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներու հանդէպ ճնշումներով, ինչը դարձած էր գարնան սկսած բողոքի ցոյցերու պատճառներէն մէկը», – նշած է զեկոյցը, շարունակելով` սեպտեմբերին` իշխանափոխութենէն ետք արդէն, Փաշինեանի կառավարութեան առաջարկութեամբ խորհրդարանը օրէնսդրական փոփոխութիւններ ընդունեց, որոնց հիմամբ ընտրութիւններու ժամանակ կաշառք առաջարկելու եւ վերցնելու համար կը սահմանուի քրէական պատիժ` մինչեւ վեց տարուան ազատազրկմամբ: «Դեկտեմբերին իրականացուած ընտրութիւնները, միջազգային դիտորդներու գնահատականով, կը վայելէին հասարակութեան լայն վստահութիւնն ու զերծ էին նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ արձանագրուած խախտումներէն», – ընդգծած է Human Rights Watch-ը:

Քննադատելով նախորդ իշխանութիւնները՝ Human Rights Watch-ը միաժամանակ գովասանքի խօսքեր հնչեցուցած է նոր իշխանութիւններուն հասցէին՝ իրաւապահներու կողմէ կիրառուած բռնութիւններու` տարիներ շարունակ սառեցուած գործերը աւարտին հասցնելու եւ մեղաւորները պատժելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment