Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի Ջարդերէն 29 Տարի Ետք

Պաքուի Ջարդերէն 29 Տարի Ետք

by MassisPost

1990 թուականի ճիշդ այս օրերուն` Յունուարի 13-19-ին, Պաքուի Հայ բնակչութիւնը թիրախ դարձաւ զանգուածային ջարդի: Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ ի գործ դրուեցան հակահայ հերթական արարքները, որոնք կը յաջորդէին տարի մը առաջ Սումգայիթի եւ ապա Կիրովապատի մէջ տեղի ունեցած նոյնանման գործողութիւններուն: Պաքուի ջարդերու զոհերու իսկական թիւը մինչեւ օրս կը մնայ անյայտ, սակայն տարբեր գնահատականներով մօտ 500 հոգիներ ենթարկուեցան դաժան ճակատագրի, իսկ մնացեալները եղան տեղահան:

Պաքուի ջարդերու ետին կեցած էին պետական այն կառոյցները, որոնք պէտք էր պաշտպանէին իրենց քաղաքացիները` անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն: Ականատեսներու վկայութեամբ Պաքուի ջարդերը ինքնաբուխ չեն եղած երբեք եւ ընդհակառակը անոնք կը կրէին կազմակերպուած բնոյթ: Հայերու բնակարաններուն հասցէները իրենց ձեռքին, կատաղած ամբոխը կը յարձակէր քաղաքին մէջ մնացած 30-40 հազար, ընդհանրապէս տարեց եւ հաշմանդամ մարդոց վրայ, որոնք չէին կարողացած միանալ Պաքուի մօտ 250 հազար Հայ բնակչութեան մինչ այդ տեղի ունեցած զանգուածային փախուստին:

Մէկ շաբաթ տեւող կոտորածներէն ետք, Խորհրդային Միութեան վերջին նախագահ Միխայիլ Կորպաչովի հրամանով Սովետական զօրքերը` Յունուար 20-ին մուտք գործեցին Պաքու` վերջ տալու համար Հայերու նկատմամբ տեղի ունեցող անմարդկային վերաբերմունքին:

Վերջին շրջանին Պաքուի իշխանութիւնները սկսած են խօսիլ «Ատրպէյճանի կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղին լայն ինքնավարութիւն» տալու եւ բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու մասին: Յունուար 15-ին Հայաստանի Ազգային Ժողովը իր նիստի ընթացքին բանաձեւ որդեգրեց` դատապարտելով Պաքուի ջարդերը ու յիշատակելով անոնց զոհերը: Խորհրդարանի այս որոշումը կու գայ անգամ մը եւս յիշեցնելու միջազգային հանրութեան, որ կարելի չէ վստահիլ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու խոստումներուն, յատկապէս նկատի ունենալով անցեալի տխուր օրինակները:

«Երեւանը գրաւելու» մասին խօսող Ալիեւը շատոնց կորսնցուցած է Արցախի հայութեան ապագայի մասին կարծիք յայտնելու բարոյական իրաւունքը: Պաքուի ջարդերու տարելիցը առիթ է անգամ մը եւս միջնորդ պետութիւններուն յիշեցնելու, որ Ատրպէյճանը չէ՛ այն պետութիւնը, որուն կարելի է վստահիլ Արցախի Հայութեան ճակատագիրը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment