Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արայիկ Յարութիւնեանը Աշխատանքային Այցով Մեկնած է ԱՄՆ

Արայիկ Յարութիւնեանը Աշխատանքային Այցով Մեկնած է ԱՄՆ

by MassisPost

15 Յունուարին Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեանը աշխատանքային այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Ան ԱՄՆ մեկնած է Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան նախագահ Ճոն Էմանուէլ Շիրաճեանի հրաւէրով։

Ըստ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան, Արայիկ Յարութիւնեանը պիտի մասնակցի Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ կայանալիք միութեան 35-րդ համագումարին, որուն ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ աշխարհահռչակ գիտնական Եուրի Յովհաննէսեանին յանձնել Վիքթոր Համբարձումեանի անուան 2018 թուականի մրցանակը:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատարը պիտի այցելէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան եւ Լոս Անճելըսի քալիֆորնեան համալսարան (UCLA), ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցներ, հանդիպումներ պիտի ունենայ անոնց ղեկավար կազմին, աշակերտներուն եւ ծնողներուն հետ: Արայիկ Յարութիւնեանը այցի ընթացքին պիտի հանդիպի նաեւ ամերիկահայ գիտնականներու, կրթութեան ոլորտի մասնագէտներու եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումներու ընթացքին կ’ակնկալուին յետագայ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած շարք մը գործնական առաջարկներ եւ քննարկումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment