Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փարիզի Մէջ Կայացած է Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումը

Փարիզի Մէջ Կայացած է Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումը

by MassisPost

Փարիզի մէջ մեկնարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Այդ մասին Թուիթըրի մէջ գրառում կատարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեանը:

Բանակցութիւններուն մեկնելէ առաջ՝ անցած շաբաթավերջն, Մնացականեանը Երեւանի մէջ ընդունած էր Ղարաբաղի գործընկերը՝ Մասիս Մայիլեանը, ընդգծելով, որ Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը Հայաստանի առաջնահերթութիւններն են, եւ որ Ստեփանակերտի խօսքը վճռորոշ դեր ունի խաղաղութեան գործընթացին մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարներ Մամետեարովի եւ Մնացականեանի այս հանդիպումը արդէն չորրորդն է անցած տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment