Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուա Դրական կը Գնահատէ ԼՂ Խնդրի Կարգաւորման Հարցին Վերաբերեալ Պաքուէն Հնչող Յայտարարութիւնները. Լաւրով

Մոսկուա Դրական կը Գնահատէ ԼՂ Խնդրի Կարգաւորման Հարցին Վերաբերեալ Պաքուէն Հնչող Յայտարարութիւնները. Լաւրով

by MassisPost

Մոսկուան դրական գնահատած է ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հարցին վերաբերեալ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները եւ յոյսով է, որ Երեւանը նոյնպէս խնդիրը կարգաւորելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւն կ’ընէ։ Այդ մասին ամէնամեայ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։

Սերկէյ Լաւրովին ոչ հայ, ոչ ալ ատրպէյճանցի լրագրողները ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին հարց չէին տուած, սակայն երբ ատրպէյճանցի լրագրողը հարցուցած է ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու մասին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը խօսած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին։

«Կը կարծեմ, որ պէտք է ամէն կերպ խրախուսել կարգաւորման հարցի վերաբերեալ լուծումներ գտնելու պատրաստակամութեան մասին Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով. – «Յոյս ունիմ, որ մեր հայ գործընկերները ի պատասխան նոյն դիրքորոշումը կ’արտայայտեն»:

«Հայաստանի մէջ անցած տարի իշխանութիւն փոխուած է, այդ պատճառով մեր աշխատանքը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, սահմանափակուած է հանդիպումներով, որոնք աւելի շատ ճանաչողական բնոյթ ունէին», – նշած է Լաւրովը եւ շարունակած. – «Այս ամիս պիտի կայանայ համանախագահներու հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, այնպէս որ, կը կարծեմ, այս ուղղութեամբ եւս մենք պիտի կարենանք մեր աւանդը ներդնել խնդրի կարգաւորման համար»։

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է՝ «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը հին, կարելի է ըսել՝ հինցած հակամարտութիւն է, բայց, իհարկէ, այստեղ ալ կարելի է գտնել լուծում, եթէ Պաքուն եւ Երեւանը ունենան քաղաքական կամք եւ ըլլայ միջազգային աջակցութիւն, այդ շարքին՝ համանախագահ երկիրներու աջակցութիւնը»։

Նշենք, որ Լաւրով նաեւ յայտարարած է, որ այս տարի Մոսկուայի մէջ պիտի կայանան Ռուսաստան-Իրան-Ատրպէյճն եռակողմ գագաթնաժողովը։ «Հիմա մեր հերթն է եռակողմ այդ գագաթնաժողովը հիւրընկալելու, մենք կը նախապատրաստուինք, եւ կը վստահեցնեմ, որ հանդիպումը պիտի կայանայ», – ըսած է Լաւրովը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment