Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն ու ՀԴ-ն Աւելի Քան 700 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրեն Հայաստանի Մէջ Իրագործելի Ծրագիրներու Համար

ԵՄ-ն ու ՀԴ-ն Աւելի Քան 700 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրեն Հայաստանի Մէջ Իրագործելի Ծրագիրներու Համար

by MassisPost

Յառաջիկայ տարիներուն Եւրոմիութիւնն ու Համաշխարհային դրամատունը շուրջ 13 միլիառ եւրօ պիտի տրամադրեն` Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին մաս կազմող վեց պետութիւններու` Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Պելառուսի մէջ ենթակառուցուածքային շարք մը լայնամաշտապ ծրագրեր կեանքի կոչելու նպատակով:

Ծրագրի մեկնարկի մասին ԵՄ-ն յայտարարած է 15 Յունուարին: Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդարձակման բանակցութիւններու գծով ԵՄ յանձնակատար Եոհանէս Հանի խօսքով՝ «այս ծրագրի ամբողջացումը համատեղ յանձնառութիւն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ զգալի դրական արդիւնքներ ապահովել տարածաշրջանի բոլոր բնակիչներուն համար»:

Եւրոմիութեան հրապարակած փաստաթուղթին համաձայն, այս ծրագրի շրջանակէն ներս Հայաստանին պիտի յատկացուի աւելի քան 700 միլիոն եւրօ: Փաստաթուղթի հեղինակներու կողմէն մատնանշուող հայաստանեան առաջնահերթ ծրագրերուն մեծ մասը առնչութիւն ունին «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքին հետ:

Հրապարակուած փաստաթուղթէն մասնաւորաբար կը տեղեկանանք, որ «Հիւսիս-Հարաւի» Արտաշատ-Ագարակ հատուածի շինարարութեան համար նախատեսուած է 450 միլիոն եւրօ յատկացնել: 41 միլիոն եւրօ պիտի յատկացուի Գիւմրի-Պաւրա, եւս 7,5 միլիոն` Երեւան-Վանաձոր ճանապարհներու վերանորոգման: Բացի այդ, ԵՄ-ն եւ Համաշխարհային դրամատունը կը նախատեսեն շուրջ 15 միլիոն եւրօ տրամադրել Մեղրիի սահմանային անցակէտի արդիականացման համար:

Ընդհանուր առմամբ, ծրագրի հեղինակները յատկացուող 13 միլիառ եւրոյով կը նախատեսեն մինչեւ 2030 թուականը 98 լայնածաւալ ծրագիր աւարտին հասցնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment