Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Շնորհաւորած է Փաշինեանը

Փութին Շնորհաւորած է Փաշինեանը

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական հեռագիր յղած է Նիկոլ Փաշինեանին Հայաստանի վարչապետ նշանակուելու կապակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը:

Փութին նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի փոխյարաբերութիւնները կը հիմնուին բարեկամութեան ու փոխադարձ յարգանքի բարի աւանդոյթներու վրայ, եւ երկիրները արգասաբեր համագործակցութեան զգալի փորձ կուտակած են տարբեր բնագաւառներու մէջ:

«Յոյս ունիմ, որ մեր երկխօսութիւնը եւ համատեղ կառուցողական աշխատանքը նպաստեն ռուս-հայկական դաշնակցային փոխգործակցութեան յետագայ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տարածքին մէջ համարկումի գործընթացներու յառաջխաղացման: Ատիկա, անկասկած, կը համապատասխանէ մեր եղբայրական ժողովուրդներու շահերուն»,-ընդգծած Է Փութինը:

Փաշինեանի նշանակման անդրադարձած են նաեւ միջազգային շարք մը առաջատար լրատուամիջոցներ:

«Հայաստանի նախագահը Նիկոլ Փաշինեանը նշանակեց վարչապետ՝ անցած տարեվերջին երկրին մէջ տեղի ունեցած պատմական ընտրութիւններէն ետք», – փոխանցած է «Ֆրանսբրես»-ը:

Բարեփոխումներու ձգտելով տան մէջ՝ Փաշինեանը նաեւ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն վարած է իշխանութեան առաջին հինգ ամիսներու ընթացքին, նշած է «Ֆրանսբրես»-ը, մանրամասնելով՝ ան Ռուսաստանի նախագահին վստահեցուցած է, որ Հայաստանը պիտի մնայ Մոսկուայի չէզոք դաշնակիցը, միաժամանակ կը փորձէ հմայել արեւմտեան առաջնորդները: Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային գագաթնաժողովի ժամանակ Փաշինեանը պար բռնած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ՝ հայկական մեղեդիներու տակ ու հագած միեւնոյն գուլպաները՝ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի պէս, կը յիշեցնէ «Ֆրանսբրես» գործակալութիւնը:

Գերմանական DPA-ն ընդգծած է, որ Փաշինեանը իշխանութեան եկաւ՝ առաջնորդելով Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ սկսած բողոքի ալիքը: Սարգսեանը, որ սպառած էր նախագահութեան երկու ժամկէտները՝ մօտ մէկ տասնամեակ մնալով իշխանութեան ղեկին, վարչապետի պաշտօնին մնաց ընդամէնը մէկ շաբաթ, ինչէն ետք հրաժարական ներկայացուց՝ իր դէմ եղած լայնածաւալ ցոյցերու հետեւանքով, կը գրէ DPA-ն, ընդգծելով՝ Փաշինեանը նշանակելով վարչապետ՝ նախագահը ընդգծած է, որ նոր կառավարութիւնը պէտք է նպաստէ հզօր եւ զարգացած Հայաստանի ձեւաւորման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment