Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արդեօ՞ք Հայ-Իսրայէլական Յարաբերութիւնները կը Ջերմանան. Իսրայէլեան The Jerusalem Post-ի Անդրադարձը

Արդեօ՞ք Հայ-Իսրայէլական Յարաբերութիւնները կը Ջերմանան. Իսրայէլեան The Jerusalem Post-ի Անդրադարձը

by MassisPost

Հայերը հպարտ են իրենց փոքր երկրով, որ հարուստ է մշակոյթով ու պատմութեամբ, ու կը սիրեն մատնանշել բազում նմանութիւնները Իսրայէլի ու Հայաստանի միջեւ։ Մէկ այլ թեմա, որ մշտապէս կը քննարկուի, Հայոց ցեղասպանութեան հարցն է ու այն, թէ քանի երկիր պէտք է դեռ ճանչնայ այն՝ որպէս պատմական փաստ։ Այսպէս կը սկսի  The Jerusalem Post-ը իր «Արդեօ՞ք հայ-իսրայէլական յարաբերութիւնները կը ջերմանան» յօդուածը։

Հայաստանն ու Իսրայէլը դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են 1992-էն։ Կը նշուի, որ հայ եւ հրեայ ժողովուրդները ընդհանուր շատ յատկանիշներ ունին՝ երկուքն ալ թիւով համեմատաբար փոքր են, ցրուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, շրջապատուած են թշնամական իսլամական երկիրներով ու ԱՄՆ-ի մէջ ունին ազդեցիկ լոպպի։ Այս ամէնով հանդերձ, կայքը կը գրէ, որ Հայաստանի ու Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները զարգացած չեն՝ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի հակամարտութիւններու պատճառով, որոնց հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները բաւական զարգացած են։

«Հայաստանը այնքան բան ունի առաջարկելու Իսրայէլին գիւղատնտեսութեան, գիտութեան, թեխնոլոկիաներու, կրթութեան եւ նորարարութեան ոլորտներու մէջ, յատկապէս վաղ մանկութեան կրթութեան ոլորտին մէջ։ Մենք մշակած ենք շարք մը բջիջային յաւելուածներ, որոնք միլիոնաւոր օգտատէրեր գրաւած է: Ես կը նախատեսեմ մօտ ապագային մեկնիլ Իսրայէլ՝ համատեղ նախաձեռնութիւնները խթանելու համար»,- ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

Պատասխանելով Քնեսեթի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քուէարկութեան չեղարկման մասին հարցին՝ ԱԳ նախարարը ըսած է, որ քուէարկութիւնը միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին չէր, այլ կը վերաբերէր բարոյական դիրքորոշման։ «Չէի ըսեր, որ մենք հիասթափուած չէինք, որ քուէարկութիւնը տեղի չունեցաւ։ Մենք գիտենք, որ այս հարցը դարձած է Թուրքիոյ հետ ձեր յարաբերութիւններու մէջ սակարկման առարկայ եւ սա ցաւալի է»,-ըսած է ԱԳ նախարարը։

Կա՞յ արդեօք ռազմական համագործակցութիւն երկու երկիրներուն միջեւ։

«Հայաստանը չափազանց մտահոգուած է իր անվտանգութեան հարցերով, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած։ Այնտեղ մարդիկ վտանգի տակ են: Յայտնի է, որ Իսրայէլը զէնք կը վաճառէ Ատրպէյճանին: Այդ չի նշանակեր, որ մենք չենք ուզեր զարգացնել յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ՝ ներառեալ ռազմական ոլորտի մէջ»,-ըսած է Զոհրապ Մնացականեանը անդրադառնալով նաեւ Իրանի հետ յարաբերութիւններու երկար պատմութեանն ու նշելով, որ կարեւոր է, որ «մեր յարաբերութիւնները մէկ երկրի հետ չվտանգեն միւսներու հետ կապերը»։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment