Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Մասին Միջնորդութեան Քննութիւնը Կրկին Յետաձգուեցաւ

Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Մասին Միջնորդութեան Քննութիւնը Կրկին Յետաձգուեցաւ

by MassisPost

«Մարտի 1-ի» գործով սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանը գրաւով ազատ արձակելու միջնորդութեան քննութիւնը արդէն երկրորդ անգամ յետաձգուեցաւ:

Դեռ անցած տարի՝ 28 Դեկտեմբերին նախկին նախագահի փաստաբանները իրենց պաշտպանեալի խափանման միջոց կալանքը գրաւով փոխարինելու վերաբերեալ միջնորդութիւնն ներկայացուցած էին Շէնգաւիթի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան:

Դատախազութիւնն ու քննիչը ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցին գործը քննող դատաւոր Նելլի Պաղտասարեանին:

Քոչարեանի փաստաբաններէն Հայկ Ալումեանը փոխանցեց, որ դատարանը անցած է խորհրդակցական սենեակ եւ ինքնաբացարկի վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակէ 10 Յունուարին, ժամը 14.00-ին:

Ալումեանը աւելցուցած է․ – «Հիմքը նա էր, որ նոյն գործով մէկ այլ մեղադրեալի դէպքում դատաւորը ինքնաբացարկ էր յայտնել՝ պատճառաբանելով, որ իրենք ընտանիքներով բաւական երկար ժամանակ մօտիկ են եղել, եւ որպէսզի կասկածներ չառաջանան իր անաչառութեան վերաբերեալ, ինքը ինքնաբացարկ էր յայտնել»:

Միջնորդութիւնը բաւարարելու պարագային գործը պիտի փոխանցուի այլ դատաւորի: Հակառակ սենարի պարագային պիտի շարունակուի
գրաւով Քոչարեանը կալանքէն ազատ արձակելու միջնորդութեան քննութիւնը:

Յիշեցնենք՝ 2018 թուականի 7 Դեկտեմբերէն Քոչարեանը անազատութեան մէջ է: Վերաքննիչ դատարանը անփոփոխ թողած էր առաջին ատեանի կալանքին առնչուող որոշումը:

Փաստաբանները չեն նշած գրաւի չափը՝ թողելով դատարանի հայեցողութեան:

«Մենք ընդհանրապէս գտնում ենք, որ պարոն Քոչարեանը հիմա պիտի կալանքի տակ չգտնուէր, բայց քանի որ մենք դիմել ենք Վճռաբեկ դատարան այդ հարցով, եւ դեռ պարզ չի, թէ Վճռաբեկ դատարանը երբ էդ հարցին լուծում կը տայ։ Սա միջանկեալ միջոց է մեր կողմից», – նշած է Ալումեանը:
Նախկին նախագահն ու անոր փաստաբանները կը շարունակեն յայտարարել, որ Քոչարեանը քաղաքական հետապնդման կ’ենթարկուի։

Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը դիմած է Սահմանադրական դատարան: Անոնք խնդրայարոյց կը համարեն վճռաբեկ դատարանի կողմէն դատախազութեան բողոքը վարոյթ ընդունելու հիմքերը:

Ալումեանի խօսքով, բողոքը վարոյթ ընդունելու երկու հիմք կայ, երկուքն ալ այս պարագային կիրառելի չէին։

Փաստաբանը աւելցուցած է․ – «Մենք չենք կարող դիմել Սահմանադրական դատարան ու ասել՝ Վճռաբեկ դատարանը խախտել է Սահմանադրութիւնը: Սահմանադրական դատարանը նման դիմումներ չի քննում: Բայց մենք դիմել ենք Սահմանադրական դատարան ու ասել ենք, որ Քրէական դատավարութեան օրէնսգրքում կայ նորմ, որը, Վճռաբեկ դատարանի կողմից տրուած մեկնաբանութեամբ, հակասում է Սահմանադրութեանը: Եթէ Սահմանադրական դատարանը գտնի, որ մենք ճիշդ ենք, ապա պէտք է վերանայուի Գլխաւոր դատախազի վճռաբեկ բողոքը վարոյթ ընդունելու մասին որոշումը․․․ Յաջորդ հետեւանքը նա կը լինի, որ հնարաւոր կը լինի վերանայել Վճռաբեկ դատարանի որոշումը, դրանից էլ կարող է բխել արդէն, որ Վերաքննիչ դատարանի որոշումն էլ պէտք է վերանայուի»:

Ալումեանը «Ազատութեան» փոխանցած է նաեւ, որ Սահմանադրութեամբ նախագահին տրուած անձեռնմխելիութեան հարցով եւս դիմում կը պատրաստեն Սահմանադրական դատարան ներկայացնելու համար: Կալանքէն Քոչարյանը ամրան այս հիմքով ազատ արձակուած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment