Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Տարուան Քաղաքական Գործիչ Ըստ «Վետոմոսթի»-ի Ընթերցողներուն

Նիկոլ Փաշինեանը՝ Տարուան Քաղաքական Գործիչ Ըստ «Վետոմոսթի»-ի Ընթերցողներուն

by MassisPost

Ռուսաստանեան հեղինակաւոր «Վետոմոսթի» պարբերականը ամէն տարի «Տարուան անհատ» մրցոյթ կ’իրականացնէ. յաղթողը կ’ընտրեն ե՛ւ խմբագրութիւնը, ե՛ւ ընթերցողները։ Որպէս այս տարուան քաղաքական գործիչ ընթերցողները ընտրած են Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար, թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Վետոմոսթի»-ի խմբագրութիւնը ընտրած էր Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը, որ երկու ամիս առաջ յայտարարած է, թէ յառաջիկայ տարիներուն պիտի հեռանայ քաղաքականութենէն։

Թերթը կը գրէ, որ անցնող տարուան յետխորհրդային տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ եւս մէկ «գունաւոր յեղափոխութիւն», այս անգամ՝ Ռուսաստանի ամենամօտ եւ հաւատարիմ դաշնակից Հայաստանի մէջ։ Հակիրճ տեղեկանք ներկայացուած է Հայաստանի մէջ Թաւշեայ յեղափոխութեան, անոր յաջորդած քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին։

Արձագանգելով «Վետոմոսթի»-ի ընտրութեան՝ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Ֆէյսպուքի մէջ գրած է․ «Իհարկէ, հաճելի է ռուսական հեղինակաւոր հանդէսի ընթերցողների կողմից տարուայ քաղաքական գործիչ ճանաչուելը, բայց կարծում եմ պէտք է մէկընդմիշտ արձանագրել, որ Հայաստանում տեղի է ունեցել ոչ թէ «գունաւոր» այլ Ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւն: Երկուսի միջեւ սարերի ու ձորերի տարբերութիւն կայ»:

Տարուան անհատ ճանչցուած է եւս հայ մը՝ «Մակնիթ» խանութներու ցանցի նախկին սեփականատէր Սերկէյ Կալիցքին, որ չէր կրցած զսպել արցունքները, երբ կը յայտարարէր իր խումբին, որ ստիպուած եղած է վաճառել իրեն պատկանող բաժնետոմսերը։ Կալիցքին որոշած է, որ այսուհետ շատ ժամանակ ու միջոցներ պիտի տրամադրէ իրեն պատկանող «Քրասնոտար» ֆութպոլային ակումբին։

Ռուսաստանի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկը՝ Սերկէյ Կալիցքին Քրասնոտարէն է եւ յայտարարած է, որ կ’ուզէ ապրել իր քաղաքին մէջ հանգիստ, ոչ-հրապարակային կեանքով։ Սա նոյնպէս «Վետոմոսթի»-ի ընթերցողներու ընտրութիւնն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment