Home Uncategorized Գայթակղային Նոր Քրէական Գործ կը Սպասուի

Գայթակղային Նոր Քրէական Գործ կը Սպասուի

by MassisPost

Ինչպէս արդէն տեղեկացուած է, ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան կողմէն ուսումնասիրութիւն կատարուած է «Հետք» ելեկտրոնային թերթի «Պաշտօնեաները Ծաղկաձորում 60 հեքթար անտառ են սեփականաշնորհել» խորգրեալ հրապարակման կապակցութեամբ:

Ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ ՀՀ կառավարութեան 2007-ի համապատասխան որոշմամբ Կոտայքի մարզի Հրազդան համայնքի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող պետական սեփականութիւն հանդիսացող անտառային ֆոնտի հողերէն շուրջ 60 հեքթար փոխադրուած է բնակավայրերու հողերու դասակարգին` խառն կառուցապատման համար, եւ անհատոյց սեփականութեան իրաւունքով փոխանցուած է համայնքին, իսկ 14.0 հեքթար՝ յատուկ պահպանուող տարածքներու հողերու դասակարգ` հանգիստի կազմակերպման համար: Յետագային նշուած հողամասերը աճուրդային եղանակով օտարուած են շարք մը քաղաքացիներու:

Պարզուած է, որ փոխադրուած հողերը ոչ միայն հանդիսացած են անտառային ֆոնտի հողեր, այլեւ արբանեակային լուսանկարներու համաձայն՝ եղած են միատարր անտառածածկ տարածքներ: Մինչդեռ, հողերու փոխադրման գործընթացին իրաւասու պաշտօնատար անձինք, անտեսելով, որ անտառային ֆոնտի հողերը չեն կրնար ընդգրկուիլ խառն կառուցապատման հողերու դասակարգին մէջ, փոխած են անոնց նպատակային նշանակութիւնը եւ որպէս խառն կառուցապատման հողեր, յանձնած համայնքին, ինչն ալ հնարաւոր դարձուցած է անոնց յետագայ օտարումը:

Պաշտօնատար անձանց կողմէ իրենց պարտականութիւններու կատարման ընթացքին հնարաւոր խախտումները պարզելու, անոնց կատարած արարքներուն իրաւական գնահատական տալու, պատճառուած վնասի առկայութիւնը եւ անոր չափը պարզելու, վերականգնման ուղղութեամբ միջոցներ ձեռնարկելու համար ստացուած փաստաթուղթերը ուղարկուած են ՀՀ քննչական կոմիտէ ՝ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 180-րդ եւ 181-րդ յօդուածներու կարգով նիւթեր նախապատրաստելու նպատակով:

ՀՀ դատախազութեան հանրային կապերու բաժին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment