Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Արտաքին Քաղաքականութեան Խնդիրը կը Մնայ «Գրաւեալ Տարածքներու Ազատագրումը». Ատրպէյճանի ԱԳՆ

Ատրպէյճանի Արտաքին Քաղաքականութեան Խնդիրը կը Մնայ «Գրաւեալ Տարածքներու Ազատագրումը». Ատրպէյճանի ԱԳՆ

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային խնդիրը կը շարունակէ մնալ «գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը», յայտարարած է երկրի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ ամփոփելով անցնող տարուան արդիւնքները:

«Մեր դիւանագիտութեան կարեւորագոյն խնդիրն է ազատել մեր տարածքները գրաւումէն եւ բռնի տեղահանուածները վերադարձնել իրենց բնակավայրերը», – յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

«Մինսքի խումբի համանախագահներու, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ այս ամիս ընդունած համատեղ յայտարարութիւնը կը փաստէր, որ անհրաժեշտ է մօտ ապագային լուրջ բանակցութիւններ իրականացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու միջեւ, որոնք ուղղուած ըլլան հակամարտութեան արդար ու տեւական կարգաւորման», – ընդգծած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ յաջորդ տարի Պաքուն մտադիր է շարունակել անկախ, ճկուն, գործնական ու բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքական ընթացքը՝ միջազգային հարթակներու վրայ Ատրպէյճանի շահերը երաշխաւորելու եւ պաշտպանելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment