Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Աշխարհին Պէտք է Աւելիով Տեղեկացնել Ղարաբաղի Հարցի Էութեան Մասին». Փաշինեան

«Աշխարհին Պէտք է Աւելիով Տեղեկացնել Ղարաբաղի Հարցի Էութեան Մասին». Փաշինեան

by MassisPost

Ամանորի առթիւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած տօնական ընդունելութեան ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է որ, յառաջիկային մեծագոյն հարցը միջազգային հանրութեան մօտ Ղարաբաղի հարցի էութեան վերաբերեալ տեղեկացուածութեան բարձրացումն է, շեշտելով որ, այդ հարցը ունի ազգային անվտանգութեան նշանակութիւն:

\«Մենք պէտք է համոզուած լինենք, որ աշխարհում միջազգային հանրութիւնը Ղարաբաղի հարցը ընկալում է հենց այնպէս, ինչպէս նա կայ իր էութեան մէջ: Ցաւոք սրտի, մենք այսօր նման արձանագրում ամէն տեղ եւ ամենուր չէ, որ կարող ենք անել, եւ պէտք է այս ուղղութեամբ շատ լուրջ աշխատել», – ըսած է Փաշինեան:

2019 թուականի համար Նիկոլ Փաշինեան նշած է մէկ այլ կարեւոր հարց՝ Հայաստանի նոր դիմագիծի օգտագործումը երկրէն ներս ներդրումային գործունէութիւնը խթանելու համար, շեշտելով, որ այդ գործին մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու դերը շատ մեծ է: Ան ընդգծած է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի դիմագիծի կարեւոր փոփոխութիւն, որ սկսաւ Մայիսին եւ գագաթնակէտին հասաւ Դեկտեմբեր 9-ի տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնում ժողովրդավարութեան երկու շատ խոշոր յաղթանակ արձանագրուեց՝ առաջինը Ապրիլ-Մայիսին տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնն էր, որը արձանագրուեց որպէս ժողովրդական կամքի յաղթանակ, եւ երկրորդը խորհրդարանական ընտրութիւններն էին, որոնք, միջազգային դիտորդների գնահատմամբ, աննախադէպ են մեր երկրի պատմութեան մէջ, եւ ըստ էութեան արձանագրել են այդ ընտրութիւնների համապատասխանութիւնը ժողովրդավարութեան չափանիշներին», – ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:
Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է որ, 2019-ին ժողովրդավարական բարեփոխումները պիտի շարունակուին եւ Հայաստանի մէջ իսկապէս պէտք է հաստատուի օրէնքի իշխանութիւն, անկախ դատական համակարգ եւ Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է արտաքին քաղաքականութիւն վարէ օրինականութեան հենքի վրայ:

«Եւ որեւէ կասկած չի կարող լինել, որ ժողովրդավարութիւնը իսկապէս մեր հաւատամքն է եւ արժէքների մեր համակարգն է, եւ ժողովրդավարութիւնից Հայաստանի Հանրապետութիւնում չի կարող ընդհանրապէս լինել որեւէ շեղում», – ըսած է Փաշինեան:

Նման ընդունելութիւն տեղի ունեցած է նաեւ Կենտրոնական Դրամատան մէջ, ուր վարչապետի պաշտօնակատարը խօսած է հայկական դրամի մասին՝ ընդգծելով, որ հակառակ քաղաքական բուռն իրադարաձութիւններուն, դրամը պահպանեց իր կայունութիւնը:

«Տարուայ ամենամեծ սենսացիաներից մէկը, թերեւս, դրամի վարքագիծն էր Հայաստանում քաղաքական բուռն իրադարձութիւնների ժամանակաշրջանում, եւ ինչպէս դեռեւս շատ-շատերի համար հասկանալի չէ, թէ ինչ եւ ինչպէս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում քաղաքական իմաստով, նաեւ շատ-շատերին էդքան էլ հասկանալի չէր, թէ ինչպէս եղաւ, որ այնուամենայնիւ, այդ քաղաքական գործընթացների համատեքստում հայկական արժոյթը զարմանալի կենսունակութիւն ցուցաբերեց», – յայտարարած է Փաշինեան:

Անդրադառնալով Կենտրոնական Դրամատան եւ կառավարութեան համագործակցութեանը՝ վարչապետի պաշտօնակատարը շեշտած է, որ գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիներու կեանքը բարելաւելն ու նոր հնարաւորութիւնները հասանելի դարձնելը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment