Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանին Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութիւնէն Զրկելու Միջնորդութիւն Ներկայացուած է Թուրքական Խորհրդարան

Կարօ Փայլանին Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութիւնէն Զրկելու Միջնորդութիւն Ներկայացուած է Թուրքական Խորհրդարան

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահական պալատը միջնորդութիւն ներկայացուցած է երկրի խորհրդարան՝ 8 պատգամաւոր անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու պահանջով:

«Էրմենիհապեր» կը տեղեկացնէ, որ խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան խառն յանձնաժողովին ներկայացուած յիշեալ միջնորդութեան մէջ 8 պատգամաւորի անուանացանկին վրայ է նաեւ քրդամետ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) Տիարպեքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի անունը:

Մնացեալ 7 հոգիներէն 5-ը եւս նոյն կուսակցութեան անդամներ են: Ցուցակին վրայ զարմանալիօրէն յայտնուած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Էրտողանի գլխաւորած իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւոր Ռըզա Փոսաջըն է: Իսկ 8-րդը Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ նկատուող «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւն (CHP-ԺՀԿ) պատգամաւոր Եուքսել Մանսուր Քըլըչն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment