Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լուծարուող Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցները Միացած են Մշակոյթի Նախարարութեան Աշխատակիցներու Գործադուլին

Լուծարուող Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցները Միացած են Մշակոյթի Նախարարութեան Աշխատակիցներու Գործադուլին

by MassisPost

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները միացած են մշակոյթի նախարարութեան աշխատակիցներու գործադուլին: Անոնք կը բողոքեն, որ իրենց նախարարութիւնները պիտի լուծարուին:

Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցած է նախարարութիւններու շէնքի մօտ. Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները նշած են, որ ըստ իրենց նախարարութեան լուծարումը սխալ որոշում է եւ այն կայացնելու ժամանակ նկատի չէ առնուած սփիւռքի կարծիքը:

«Սփիւռքի նախարարութիւնը օդից ստեղծուեց եւ օր ու գիշեր աշխատել ենք, որ կարողացել ենք կայացած կառոյց ստեղծել: Ինչպէս կարելի է թոյլ տալ մէկ գրչի հարուածով վերացնել մի նախարարութիւն, որը ստեղծուել է մեծ ջանքերի գնով»,-ըսած է ցոյցի մասնակիցներէն մէկը: Անոնք նշած են, որ նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը խօսած է իրենց հետ. «Նա շատ ափսոսում է այս ամէնի համար, որովհետեւ այսքան ընթացքում աշխատելով մեզ հետ նա տեսաւ,  թէ ինչ գործ է կատարւում: Նա ցաւ էր ապրում եւ ասաց, որ ափսոսում է, որ չկարողացաւ պահել նախարարութիւնը:  Ինչպէս կարելի  է 90 մարդու թողնել առանց աշխատանքի»:

Նշենք, որ գործադուլի մասին յայտարարած են նաեւ Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակիցները:

Յիշեցնենք, որ կառավարութեան կառուցուածքի վերաձեւաւորման հետեւանքով ՀՀ նախարարութիւններու թիւը 17-էն պիտի հասնի 12-ի։ Փոփոխութիւններու համաձայն` պիտի լուծարուի սփիւռքի նախարարութիւնը։ Փոխադրութեան, կապի ու տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու նախարարութիւնը պիտի դառնայ կապի ու բարձր թեխնոլոկիաներու նախարարութիւն։ Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնները պիտի միաւորուին։ Աշխատանքի ու ընկերային  հարցերու նախարարութիւնը պիտի միանայ տարածքային կառավարման ու զարգացման նախարարութեան։ Մշակոյթի, սփորթի ու երիտասարդութեան նախարարութիւնները պիտի միաւորուին կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան։ Որպէս առանձին գերատեսչութիւններ պիտի շարունակեն գործել ֆինանսներու, արդարադատութեան, առողջապահութեան ու բնապահպանութեան նախարարութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment