Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին «Հայաստանը Մեր Ռազմավարական Գործընկերն է Տարածաշրջանին եւ Աշխարհի Մէջ»

Փութին «Հայաստանը Մեր Ռազմավարական Գործընկերն է Տարածաշրջանին եւ Աշխարհի Մէջ»

by MassisPost

Հայաստանը Ռուսաստանի ամենամտերիմ գործընկերն է Անդրկովկասի մէջ, ամէնամեայ մեծ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ պատասխանելով հայ լրագրողի հարցին, թէ «Ռուսաստանը ինչպէ՞ս կը պատրաստուի վերականգնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք»:

«Մենք չունինք որեւէ բան, որ քանդուած է եւ կարիք ունի վերականգնման: Հայաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ, ՀԱՊԿ եւ ԵԱՏՄ անդամ է: Մենք պէտք է զարգացնենք այն, ինչ ունինք», – յայտարարած է Փութինը՝ աւելցնելով, թէ հայ ժողովուրդը ռուս ժողովուրդի ամենամտերիմ դաշնակիցներէն է։

«Այդպէս եղած է պատմականօրէն, այդպէս է այսօր եւ յոյսով եմ՝ այդպէս կ’ըլլայ վաղը: Մենք պէտք է գործենք՝ հաշուի առնելով ներկայ իրադրութիւնը աշխարհի ու տարածաշրջանի մէջ: Այս հարցերը մօտակայ ժամանակներս պիտի քննարկենք պարոն Փաշինեանի հետ, որ յառաջիկայ շաբաթ Ռուսաստան պիտի այցելէ  »,- ըսած է ՌԴ նախագահը:

Փութինին հարցուցած են նաեւ Սովետական միութեան մասին, եւ ան նշած է, որ ընկերվարութեան վերականգնումը Ռուսաստանի մէջ հնարաւոր չէ։ Հարց եղած է նաեւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու եւ Աթաթուրքի մասին։ Փութինը ընդգծած է, թէ կը համարէ, որ Քեմալ Աթաթուրքը մեծ պատմական գործիչ է եւ Ռուսաստանի մեծ ընկերն էր, իսկ այսօրուան յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ Ռուսաստանի նախագահը դրական կը գնահատէ, ըսած է, որ հակառակ տարաձայնութիւններուն, ռուս-թրքական յարբերութիւնները պէտք է, որ գոհացնեն թէ՛ Ռուսաստանին եւ թէ՛ Թուրքիոյ։

Նախօրէին հրապարակուած էին Լեւատա կեդրոնի նոր տուեալները այն մասին, որ Փութինի վարկանիշը այսօր չափազանց ցած է։ Անոր իրենց ձայները պատրաստ են տալ հարցախոյզի մասնակցած ռուսերու միայն 45 տոկոսը, Փութինի վարկանիշը այսքան ցած եղած էր 2014-ին՝ Խրիմի  դէպքերէն  առաջ։

Ասուլիսի ժամանակ Փութինը ընդգծած է, որ Ռուսաստանի տնտեսութիւնը լաւ թափով կը զարգանայ եւ խոստացած է կարգաւորել տարբեր հարցեր, որ հնչած էին ասուլիսի ընթացքին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment