Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ Նոր Հայաստանի Մէջ Պիտի Բացառուի Այն Ամէնը, Ինչ կը Խեղաթիւրէ Ժողովրդավարութեան Բուն Էութիւնը

Փաշինեան․ Նոր Հայաստանի Մէջ Պիտի Բացառուի Այն Ամէնը, Ինչ կը Խեղաթիւրէ Ժողովրդավարութեան Բուն Էութիւնը

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան մարմիններու հիմնադրման 100-ամեակի տօնական միջոցառման ներկայ վարչապետի պաշտօնակատարը  իր ելոյթին մէջ կարեւորած է անվտանգութեան մարմիններու դերը նոր Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցող զարգացումներուն մէջ:

«Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ստանձնել է առանձնայատուկ դերակատարութիւն յատկապէս օրինականութեան պահպանման եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարում։ Մենք կասկած չունենք, որ կաշառակերութեան առկայութիւնը եւ յատկապէս դրա տարածումը ազգային անվտանգութեանը սպառնացող խնդիր է։ Այն լրջագոյն մարտահրաւէր է մեր երկրի եւ ժողովրդի համար։ Այսօր մենք կառուցում ենք որակապէս նոր պետութիւն, նոր հասարակութիւն։ Նոր Հայաստանում պիտի բացառուեն փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը, յանցագործութիւն կատարած անձանց անպատժելիութիւնը, պաշտօնական դիրքի չարաշահումները եւ ընդհանրապէս այն ամէնը, ինչ խեղաթիւրում է ժողովրդավարութեան բուն էութիւնը», – ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Փաշինեանը ընդգծած է, որ անցեալին ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ ընդունուած չէ եղած խօսիլ մարդու իրաւունքներու մասին։ Ան այսօր ԱԱԾ աշխատակիցներուն ուղղուած իր ելոյթին մէջ կարեւորած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ որպէս անվտանգութեան մարմիններու կողմէ իրականացուող աշխատանք․ – «Իշխանութեան որեւէ այլ աղբիւր բացի Հայաստանի քաղաքացիներից չկայ եւ չի կարող լինել։ Կաշառակերութիւնը պարզապէս փող ուտելը չէ։ Համակարգային կաշառակերութիւնը ամենաուղղակի կերպով կապուած է իշխանութիւնը ժողովրդից խլելու եւ ապօրինաբար պահելու գործընթացների հետ։ Մենք ձեզ հետ միասին եւ մեր ողջ հասարակութեան հետ դա թոյլ չենք տալու։ Ուրախ եմ արձանագրել, որ ի վերջոյ Հայաստանում տեղի ունեցան խորհրդարանական այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք միջազգային հանրութեան միաձայն գնահատականով համապատասխանում են ժամանակակից առաջատար չափանիշներին»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է, որ իրաւապահ մարմինները Հայաստանի մէջ ժամանակ առ ժամանակ ներգրաւուած եղած են քաղաքական հետապնդումներ իրականացնելու գործին։

«Այսօր էլ հնչում են նման մեղադրանքներ», – ըսած է Փաշինեանը եւ շեշտած, որ իրաւապահ համակարգէն «պէտք է արմատախիլ անել քաղաքական հետապնդման որեւէ բաղադրիչ»․ – «Պետական մարմինները, անվտանգութեան մարմինները, իրաւապահ մարմինները չպիտի լինեն, ի բնէ չպիտի հնարաւորութիւն ունենան դառնալու հաշուեյարդարի գործիք գործող իշխանութիւնների ձեռքին: Եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ընդհանրապէս իրաւապահ մարմինների իւրաքանչիւր աշխատող պէտք է համոզուած լինի, որ իր գործողութիւնները բխում են օրէնքից, համապատասխանում են օրէնքին, ծառայում են Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանը, օրէնքի, մեր երկրի, պետութեան եւ ժողովրդի շահերին»:

vantetzyan-national security

ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը, շնորհաւորելով գործընկերներին, իր ելոյթում յիշատակեց թաւշեայ յեղափոխութիւնը․ – «Պաշտօնէական դիրքի չարաշահումներ, իւրացման եւ վատնման բազմաթիւ դէպքեր, որոնցով յարուցուել եւ քննւում են մօտ 70 քրէական գործեր: Բազմաթիւ անձինք, որոնց թւում նաեւ մի շարք բարձրաստիճան զինուորականներ, ենթարկուել են պատասխանատուութեան: Նշուած գործերի շրջանակներում ձեռք բերուած տուեալները ցոյց են տալիս, որ պետութեան հասցուած նիւթական վնասը կարող է հասնել մէկ տասնեակ միլիառ դրամի: Սակայն ինչպէ՞ս չափել այն բարոյական վնասը, որը հասցուել է մեր զինուած ուժերին, ամբողջ հանրութեանը այդ յանցաւոր վերաբերմունքի արդիւնքում»:

Վանեցեանը անդրադարձած է շարք մը աղմկայարոյց գործերու, որոնցմէ է, օրինակ, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի քրէական գործը։ Ըսած է, որ ԱԱԾ վարոյթին մէջ քննուող գործերով պետութեան պատճառուած վնասը կը կազմէ մօտ 20 միլիառ դրամ, որուն զգալի մասը արդէն վերականգնուած է պետական պիւտճէ․ – «Կաշառակերութեան դէմ պայքարի շարունակականութիւնը, կաշառակերութեան կանխարգելումը այսօր իսկապէս մեր երկրի ազգային անվտանգութեան ապահովման առաջնահերթութիւններից է: Դրա պատճառն այն է, որ շատ ոլորտներում կաշառակերութիւնը ունեցել է բրգաձեւ կառուցուածք, իսկ դա նշանակում է, որ պետութեան անվտանգութիւնը եղել է լրջօրէն վտանգուած եւ խոցելի: Կաշառակերութիւնը ոչ միայն ընդլայնել է ստուերային տնտեսութիւնը, այլեւ ուղղակիօրէն ազդել է հարկերի հաւաքագրման վրայ եւ անարդիւնաւէտ դարձրել պիւտճէթային միջոցների օգտագործումը: Աւելին, կաշառակերութիւնը իր անմիջական բացասական ազդեցութիւնն է թողնում ընտրական գործընթացների, պետական մարմինների գործունէութեան, ներդրումների եւ պետութեան միջազգային վարկանիշի վրայ: Դրա վառ ապացոյցն են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան վարոյթում առկայ երեք տասնեակից աւելի քրէական գործերով ձեռք բերուած անհերքելի փաստական տուեալները»:

ԱԱԾ տնօրէնի տուեալներով, 2018-ի 11 ամիսներու ընթացքին խափանուած է պետական կայքերու վրայ աւելի քան 3 միլիոն  ցանցահէնային յարձակման փորձ, բան մը որ  աննախադէպ է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment