Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պուենոս Այրեսի Ոստիկանութիւնը Խուզարկած են Էտուարտօ Էռնեկեանի Տունը

Պուենոս Այրեսի Ոստիկանութիւնը Խուզարկած են Էտուարտօ Էռնեկեանի Տունը

by MassisPost

Դատաւորի որոշմամբ Պուենոս Այրեսի ոստիկանութիւնը խուզարկած է արժանթինահայ մեծ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանի սեփական տունը եւ անոր պատկանող «Քորփորասիոն Ամերիկա» ընկերութեան շարք մը գրասենեակներ: Այս մասին կը հաղորդեն տեղական բոլոր լրատուամիջոցները:

Էռնեկեանը կ’անցնի մեծ դատական գործով մը, որ կը հետաքննէ, թէ ինչպէս շարք մը գործարարներ կաշառքներ տուած են իշխանաւորներուն տարբեր տնտեսական առաւելութիւններ ստանալու համար:

86-ամեայ Էռնեկեանը միլիառատէր է, կը համարուի Լատինական Ամերիկայի ամենայաջող գործարարներէն մէկը: 2017-ին անոր շնորհուած է «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment