Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Փարաճանովի Ցուցահանդէսի Խոշոր Պաստառը Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ

Փարաճանովի Ցուցահանդէսի Խոշոր Պաստառը Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ

by MassisPost

Պոլսոյ Փերա թանգարանին մէջ կը շարունակուի աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտ, դերասան եւ բեմադրիչ Սերկէյ Փարաճանովին (Սարգիս Փարաճանեանց) նուիրուած ցուցահանդէսը։

Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան միջազգային օդակայանին մէջ մեծ արուեստագէտի նկարով եւ «Փարաճանով, Սարգիսի հետ» գրութեամբ տեղադրուած է մեծ ցուցապաստառ, որ տարբեր երկիրներէ ժամանող զբօսաշրջիկներուն, նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կը տեղեկացնէ Փերա թանգարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսի մասին։

Պոլսահայ լրագրող եւ հասարակական գործիչ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ տեղադրած է օդակայանին մէջ փակցուած մեծադիր ցուցապաստառի լուսանկարը։

Յիշեցնենք, որ ցուցահանդէսը իրականութիւն դարձած է Պոլսոյ Փերայի թանգարանի եւ Երեւանի Սերկէյ Փարաճանովի թանգարանի համագործակցութեան շնորհիւ։ Այն նուիրուած է մեծ վարպետի ծննդեան 95-րդ ամեակին։

Ցուցահանդէսը այցելուներուն համար բաց պիտի ըլլայ  2018 -ի Դեկտեմբերի 13-էն մինչեւ 2019-ի Մարտի 17-ը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment