Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախկին Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան Չարաշահած Է Պաշտօնէական Դիրքը

Նախկին Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան Չարաշահած Է Պաշտօնէական Դիրքը

by MassisPost

Քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցած է Հայստանի նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի կողմէն առերեւոյթ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու դէպքի առթիւ: Նախկին ոստիկանապետին այս պահին մեղադրանք չէ առաջադրուած: Գործը ուղարկուած է Յատուկ քննչական ծառայութիւն:

Հակամրցակցային գործունէութիւն ծաւալելու դէպքի առթիւ քննուող քրէական գործով ձեռք բերուած են տուեալներ, որ 2012 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ոստիկանութեան նախկին պետը իր պաշտօնէական դիրքն ու լիազօրութիւնները ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելով խոստացած է միջամտել եւ օգնել Երեւան – Աբովեան երթուղին իրականացնող «Քինկ տելիւքս» ընկերութեան նախկին սեփականատիրոջ՝ վճարովի ուղեւորափոխադրումներու հետ կապուած խնդիրները լուծելու հարցի վերաբերեալ, եթէ վերջինս Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն աջակցի Հանրապետական կուսակցութեան:

Ըստ Քննչական կոմիտէի, ոստիկանապետը խոստացած է ոստիկանութեան աշխատակիցներու միջոցաւ խոչընդոտներ ստեղծել «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի շրջագիծէն ներս գործող եւ նոյն երթուղին իրականացնող անվճար հանրակառքերուն համար, մինչդեռ «Քինկ տելիւքսին» աջակցիլ՝ նոյնիսկ ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններու խախտման պարագային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment