Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Նպատակն է՝ Քաղաքական Յեղափոխութիւնը Վերածել Տնտեսական Յեղափոխութեան. Նիկոլ Փաշինեան

Մեր Նպատակն է՝ Քաղաքական Յեղափոխութիւնը Վերածել Տնտեսական Յեղափոխութեան. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով փոխնախագահ Պրոք Պիրմընին: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն:

Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ԱՄՆ ՄԶԳ-ի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան յետագայ զարգացումն ու ընդլայնումը տարբեր ուղղութիւններով: Վարչապետի պաշտօնակատարի խօսքով՝ կառավարութիւնը հետեւողականօրէն եւ հաստատակամ պիտի շարունակէ ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման ուղղուած բարեփոխումները եւ այդ առումով ընդգծած է ԱՄՆ ՄԶԳ-ի հետ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը:

Կառավարութեան ղեկավարը Պրոք Պիրմընի այցը Հայաստան համարած է լաւ հնարաւորութիւն՝ նախանշելու յետագայ համագործակցութեան ոլորտները:

«Մեր նպատակն է՝ քաղաքական յեղափոխութիւնը վերածել տնտեսական յեղափոխութեան եւ այդ կարեւորագոյն փոփոխութիւնների իրականացման ճանապարհին շահագրգռուած ենք աշխոյժօրէն համագործակցել ԱՄՆ ՄԶԳ-ի հետ: Մեր քայլերն ուղղուած են ժողովրդավարութեան ամրապնդմանը, պիզնես միջավայրի բարելաւմանը, ներդրումների ներգրաւմանը, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացմանը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ հեռանկարային համարելով համագործակցութիւնը ԱՄՆ ՄԶԳ-ի հետ նաեւ գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ: Վարչապետի պաշտօնակատարը նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է ԱՄՆ-ի հետ տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացմամբ եւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելացմամբ:

Պրոք Պիրմընը նախ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը բարձր մակարդակի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու կապակցութեամբ եւ աւելցուցած. ՚Ինծի համար պատիւ է հանդիպիլ ձեզի, նշանաւորելու այս պատմական էջը Հայաստանի պատմութեան մէջ: ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութիւնը պատրաստ է աշխատիլ կառավարութեան հետª Հայաստանի ժողովրդավարական հիմնարկներու առաւել հզօրացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարի եւ առեւտուրի ու ներդրումներու խթանման բնագաւառներուն մէջՙ:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները պայմանաւորուած են, որ երկկողմ փոխգործակցութեան յստակ ուղղութիւնները յառաջիկային պիտի յստակեցուին ՀՀ կառավարութեան եւ ԱՄՆ ՄԶԳ-ի հայաստանեան գրասենեակի քննարկումներու արդիւնքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment