Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանը Մերժած է Քոչարեանի Պահանջը՝ Պարտադրել Փաշինեանին Ներողութիւն Խնդրել Իրմէ

Դատարանը Մերժած է Քոչարեանի Պահանջը՝ Պարտադրել Փաշինեանին Ներողութիւն Խնդրել Իրմէ

by MassisPost

Վերաքննիչ դատարանը մերժած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ, 2008-ի Մարտի 1-2-ի արիւնալի իրադարձութիւններու գործով սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր պաշտպանի կողմէ ներկայացուած բողոքը, որով նախկին նախագահը դատարանէն կը խնդրէր պարտադրել Նիկոլ Փաշինեանին հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրել իրմէ, միեւնոյն ժամանակ՝ մինչեւ «Մարտի 1»-ի գործի քննութեան աւարտը արգիլել Փաշինեանին հրապարակայնօրէն մեկնաբանել Քոչարեանի վերաբերեալ քրէական գործերու հետ կապուած հանգամանքները։

Ռոպերթ Քոչարեանի կողմը հայցին մէջ պնդած էր, որ դատարանը վարչապետի պաշտօնակատարին պէտք է պարտաւորեցնէ հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրել հետեւեալ արտայայտութեան համար. – «…Կամ թէկուզ Ռոպերթ Քոչարեանին ազատ արձակելու մեկնաբանութիւնը։ Ասում է` անձեռնմխելի է։ Ի՞նչ է նշանակում անձեռնմխելի։ Այսինքն, կարելի է մարդկանց սպանութիւնը կազմակերպել ու ասել` «ես անձեռնմխելի՞ եմ»։ Այդ որտե՞ղ է այդպէս գրած …»։

Ըստ դատական տեղեկատուական համակարգի, Վերաքննիչ քաղաքացիական դատարանը եզրայանգած է, որ Եւրոպայի հռչակագրի  10-րդ յօդուածի 1-ին մասի համաձայն` իւրաքանչիւր ոք ունի ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունք, որ կը ներառէ սեփական կարծիք ունենալու, տեղեկութիւններ եւ գաղափարներ ստանալու եւ տարածելու ազատութիւնը` առանց պետական մարմիններու միջամտութեան եւ անկախ սահմաններէ։ Դատարանը գտած է, որ պատասխանող կողմը, այսինքն՝ Փաշինեանը, լիարժէքօրէն կ’օգտուի Եւրոպական  հռչակագրէն եւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած ազատ արտայայտուելու իրաւունքէն, եւ որ բողոք բերած անձի պնդումները հիմնաւորուած չեն։

Նախկին նախագահի պաշտպանական կողմի կարծիքով՝ ներկայ պահուն Ռոպերթ Քոչարեանը կը հանդիսանայ «Մարտի 1»-ի գործով մեղադրեալ, եւ վարչապետի խօսքը կրնայ էականօրէն ազդել նշուած գործի ընթացքին վրայ ու առաջացնել անմեղութեան կանխավարկածի խախտում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment